ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 29 Յուլիսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, որոնք Ազգային առաջնորդարան եկած էին գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:
Հանդիպման ընթացքին, հիւրերը առաջնորդ սրբազան հօր ներկայացուցին ցարդ իրագործած իրենց աշխատանքները, խօսեցան համաճարակի ներկայ օրերուն, իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ զանոնք յաղթահարելու համար իրենց կողմէ ի գործ դրուած ճիգերուն մասին, ապա խնդրեցին սրբազան հօր օրհնութիւնը՝ իրենց հետագայ ծրագիրներու յաջողութեան համար:
Մտերմիկ զրոյցի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի առաքելութիւնը եւ կամաւորներու միջոցով ծաւալած գործունէութիւնը, օրհնեց հիմնարկի աշխատանքները ու պատրաստակամութիւն յայտնեց կարելի բոլոր միջոցներով նպաստելու հիմնարկի ծրագիրներուն: