ԹՈՔԻՕ, «Արմէնփրէս»․- Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան անյաջող արդիւնքով սկսաւ մրցաշարքը։
Արդարեւ, 4 Օգոստոսին, 57 քլկ․ դասակարգի մարզիկը մրցեցաւ Մոնկոլիայէն Պեխպայար Էրտենպաթիի դէմ եւ պարտուեցաւ 1-6 արդիւնքով:
Նաեւ, Լեւոն Աղասեան 16.42 մեթր արդիւնք մը ապահովելով եռացատկի զտումի մրցումներուն 11րդ դիրքը գրաւելով՝ դուրս մնաց պայքարէն։