
Արդէն շուրջ երեք ամիս է, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը, խախտելով Հայաստանի պետական սահմանը Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի շրջաններուն մէջ՝ դիրքեր հաստատած են հայկական հողին վրայ, այնտեղ պահելով շուրջ հազար զինուորներ: Զուգահեռաբար, Արարատի մարզի սահմանային դիրքերուն վրայ շարունակուող զինուորական յարձակումները պատճառ դարձան երեք զինուորներու սպանութեան, նոյն ժամանակ սպառնալիք հանդիսանալով այդ շրջանի բնակչութեան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ շարունակուող ատրպէյճանական յարձակումները Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդին դէմ:
Ամէնօրեայ դրութեամբ կատարուող այս յարձակումները հայկական երեք մարզերուն վրայ, ինքնին սպառնալիք են՝ լայնածաւալ պատերազմի վերածուելու, այս անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան հողին վրայ: Այս բոլորը գոյութենական սպառնալիք կը ստեղծեն մեր հայրենիքին համար:
Ինչպէս անցեալ տարուան աշնան տեղի ունեցած 44օրեայ պատերազմի պարագային էր, ներկայիս եւս միջազգային համայնքը լուռ է այս բոլորին նկատմամբ, մնալով հանդիսատեսի վիճակին մէջ, մինչ Ատրպէյճան փաստօրէն ներխուժած է Հայաստան: Միջնորդական որեւէ առաքելութիւն մերժելու՝ պաշտօնական Պաքուի կեցուածքը խօսուն ապացոյցն է իրենց հակահայ մտադրութիւններուն, որոնք կը քաջալերուին Թուրքիոյ եւ անոր ոճրագործ վարչակազմին կողմէ:
Ատրպէյճան յարձակողական նման քայլերու դիմելու քաջալերող ազդակ եղած են, Հայաստանի եւ Արցախի պարագաներուն, միջազգային համայնքի սուտ չէզոգութիւն պահելու երկարամեայ կեցուածքը, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց եւ միջազգային օրէնքներու խախտման փաստերու առջեւ ուղղակիօրէն Պաքուն դատապարտելու դժկամութիւնը։
Մինչ Քոնկրեսը քայլեր կ՛առնէ սահմանափակելու Ատրպէյճանին տրուելիք Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնները, անդին, Սպիտակ տունը կը շարունակէ վերացնել այն բոլոր արգելքները, որոնք դրուած էին՝ զսպելու համար Հայաստանի դէմ կամ ընդհանրապէս Կովկասի տարածաշրջանին մէջ Պաքուի ոտնձգութիւնները:
Մարդկային իրաւունքի պաշտպանութեան դիրքերէն շարունակաբար խօսող Ամերիկայի եւ Եւրոպայի ղեկավարները պարտաւոր են Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան առջեւ դնելու: Մինչ այդ ղեկավարներու հռետորաբանութիւնը յոյս կը ներշնչէ, սակայն, գործնական իմաստով, անոնց առած քայլերը բոլորովին կը հակասեն իրենց քաղաքականութեան խարիսխ հանդիսացող սկզբունքներուն:
Նոյն ատեն, Անդրկովկասի տարածաշրջանին մէջ, իր ազդեցութեան գերակայութիւնը թուրք-ատրպէյճանական զինակցութեան զիջելու սկսած Ռուսիան, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդրի հաշուոյն՝ զբաղած է բացառապէս իր շահերը պաշտպանելով, նուազագոյն կորուստներով դուրս գալու եւ տարածաշրջանին մէջ իր կռուանները վերականգնելու համար:
Յառաջիկայ օրերուն, նոր խորհրդարանի աշխատանքի մեկնարկը պէտք է առիթ ըլլայ Հայաստանի նորընտիր պատգամաւորներուն համար, բոլորովին փոխելու իրենց քաղաքական պառակտիչ հռետորաբանութիւնը, որ տիրական դարձած է տեղական քաղաքական ոլորտին մէջ, հրահրելով ներքին թշնամանք եւ պառակտելով քաղաքացիական հասարակութիւնը:
Այս բոլորին լոյսին տակ, կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան՝ բազմապատկելու իր ճիգերը՝ յանուն մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, նոյն ժամանակ, ակնկալելով, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ նորընտիր խորհրդարանի պատգամաւորները Հայաստանի ազգային ապահովութիւնը դասեն ամէն բանէ վեր:
ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ամէն առումով յանձնառու կը մնայ աշխատելու մեր համայնքը բաղկացնող բոլոր կողմերուն հետ՝ հաւաքաբար հետապնդելու համար մեր ազգային իղձերու իրականացման նպատակը, ինչպէս նաեւ օժանդակելու Հայաստանի, Արցախի, մեր հայրենիքի հզօրացման գործին, կոչ ընելով համայն հայութեան՝ միասնակամութեամբ դէմ դնելու ատրպէճանական եւ թրքական բոլոր ոտնձգութիւններուն:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ