Ազգային առաջնորդարանի բարերարուհի, նորոգ հանգուցեալ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի յիշատակը անմահացնելու նպատակով եւ ընդառաջելով Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի առաջարկին՝ Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքը Ազգային առաջնորդարանին մէջ հասատատեց «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամը՝ հարիւր տասը հազար ($110,000) տոլարի գումարով, որ առաջնորդին հսկողութեան տակ պիտի ծառայէ Ազգային առաջնորդարանի ընդհանրապէս մշակութային, մասնաւորաբար երաժշտական գործունէութեան բարեզարդման եւ ծաւալման նպատակին:
Այս առիթով, սրբազան հայրը առաջնորդարանին մէջ ընդունեց հանգուցեալին ամուսինը՝ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը, զաւակները՝ Արին, Սարօն եւ անոնց տիկինները եւ անգամ մը եւս բարձր գնահատեց Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքի անդամները՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հաւատարմութեան համար, ապա ողջունեց իր խնդրանքին ընդառաջելու պատրաստ անոնց ոգին ու խիստ դրուատելի կեցուածքը:
Իր կարգին, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ ունեցած էր ազնիւ մտածումը իր սիրեցեալ կողակիցին՝ Սաթիկի յիշատակը անմահացնելու կոչուած հիմնադրամի ստեղծման եւ այս առիթով սրբազան հօր փոխանցեց իր անկեղծ զգացումները՝ նշելով, որ հպարտ կը զգայ, որ ի պատիւ Սաթիկին կը հաստատուի այս հիմնադրամը, նոյն ժամանակ յոյս յայտնելով եւ խոստանալով, որ նորահաստատ հիմնադրամը մնայուն կերպով պիտի գործէ Ազգային առաջնորդարանի կեանքին մէջ եւ թէ՝ Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքի անդամները միշտ պիտի զօրակցին «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի հետապնդած ծրագիրներուն:
Յայտնենք, որ նշեալ 110 հազար տոլարի գումարը գոյացած է Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի մահուան տխուր առիթով Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքի կատարած լիաբուռն զօրակցութեամբ եւ Սաթիկի հարազատներու ու բարեկամներու կողմէ փոխան ծաղկեպսակի կատարուած նուիրատուութիւններուն ճամբով: