ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Օմեր Չելիք Հայաստանի հասցէին սպառնալիքներ ընդգրկող գրառում կատարած է «Թութըր»ի իր էջին վրայ։
«Հայաստանի՝ Քելբաջարի մէջ (Քարվաճառ) իրականացուցած յարձակումին հետեւանքով զոհուած է Ատրպէյճանի զինուոր մը։ Խստագոյնս կը դատապարտենք այդ յարձակումը։ Հայաստան կը շարունակէ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը, որ տարածաշրջանի խաղաղութեան համար սպառնալիք է։ Այդ յարձակողական քաղաքականութեան համար պատասխանատու են նաեւ Հայաստանը քաջալերողները», գրած է Չելիք ։
Ան ապա կը յիշեցուցէ, որ Թուրքիոյ նախագահը ուշադրութիւն հրաւիրած էր տարածաշրջանի երկիրներուն հետ ձեւաւորուելիք ծրագիրի կարեւորութեան վրայ։
«Ըսած էր (Էրտողանը), որ Հայաստան կրնայ ներգրաւուիլ այդ ծրագիրին մէջ, եթէ հրաժարի իր յարձակողական կեցուածքէն։ Հայաստան պէտք չէ վատնէ այս պատմական առիթը։ Հայաստան պէտք է լաւ հասկնայ մեր նախագահի եւ Ատրպէյճանի նախագահի ուղերձները։ Հակառակ պարագային պիտի առերեսուի նոր հարցերու հետ», սպառնացած է Չելիք։
New threats, new incursions on Armenian territory: no proper strong protest or
swift reaction or help offering nations assistance request by “the” government,
or requesting UN SECURITY COUNCIL INTERVENTION, but playing RUSSIA-TURKEY-
KARAPAGH COMMITTEE PLANED TOTAL OCCUPATION OF ARMENIA. IGNORING, FRANCE, USA, IRAN even GEORGIA ADVANCES AND HUGE HELP FOR BRIGHT
FUTURE. I AM ASHAMED TO ADMIT, THIS TREACHERY EXIST, UNLESS PROVED
CONTRARY.!! INSIDE-OUTSIDE NATION IS IT SAYING END ARMENIA OR NOT?? TAKE FAST STAND: BE REBORN FROM ASHES OR GET LOST FOR EVER !!! NO TIME LEFT!!!