ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Երասխի մէջ լարուածութեան օրը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կատարուած գրառման՝ բացատրեց, թէ ի՛նչ նկատի ունեցած է` գրելով. «Երբ Երասխը չի կրնար քնանալ, Երեւանը նոյնպէս արթուն կը մնայ»:
««Ֆէյսպուք»ի այս գրառումով երկու բան կ՛ուզէի արտայայտել. նախ եւ առաջ, կ՛ուզէի նկարագրել իրողութիւն մը, որ հետեւեալն էր` Երկուշաբթիէն Երեքշաբթի լուսցող գիշերը`ժամը 2ին, բոլորը առցանց էին, ոչ ոք կը քնանար Երեւանի մէջ, Հայաստանի մէջ բոլորը մտահոգուած էին: Երկրորդ ուղերձը համերաշխութեան ուղերձն էր: Կ՛ուզէի ինծի հետեւող մարդոց ըսել, որ Ֆրանսա կը հետեւի սահմանի կացութեան: Մարդիկ պէտք է վստահ ըլլան, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները բարձրագոյն մակարդակով ամբողջովին տեղեակ են, թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ: Երասխը նոյն ժամանակ խորհրդանշական եւ ռազմավարական վայր է: Ռազմավարական, որովհետեւ Ատրպէյճանի հետ Երեւանին ամէնէն մօտիկ սահմանն է, իսկ խորհրդանշական, որովհետեւ ասիկա վայր մըն է, ուր կը հանդիպին չորս պետութիւններ: Այս պահուս այնտեղ լարուածութիւն կայ, սակայն պէտք է յուսանք, որ ապագային Երասխը կրնայ դարձեալ դառնալ այն քառուղին, որ եղած է ժամանակին», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան հարցերուն` մասնաւորաբար պաշտպանութեան ոլորտին մէջ, Լաքոթ ըսաւ. «Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան, մենք, բնականաբար, պատրաստ պիտի ըլլանք քննելու հայկական իշխանութիւններուն կողմէ մեզի ուղղուած բոլոր դիմումները: Անշուշտ, պէտք է նկատի առնել որոշ իրողութիւններ. Ֆրանսա եւ Հայաստան նոյն ռազմական դաշինքներու անդամներ չեն: Մեր դերը նոր տագնապէն խուսափիլն է եւ քաղաքական հոլովոյթին ուղեկցիլը, որ շրջանին մէջ խնդրայարոյց հարցերու վերջնական լուծում պիտի արտօնէ»: