Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Ոեւէ Թեկնածու Չառաջադրեց
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն երէկ առաւօտեան սկսաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց աւարտին վարչապետի պաշտօնի թեկնածու Նեժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ վարչապետ:
Միքաթի 72 քուէով դարձաւ վարչապետ, մինչդեռ 42 այլ երեսփոխաններ մերժեցին ոեւէ մէկուն թեկնածութիւնը առաջադրել:
Նախագահական պալատ հասած Միքաթի հանդիպում ունեցաւ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որմէ ետք Պըրրի ըսաւ. «Հիմնական աշխատանքը կը կայանայ կառավարութիւն մը կազմելուն մէջ»:
Միքաթի յայտնեց, որ սահմանադրութեան համաձայն, ինք պէտք է ստանայ երեսփոխաններուն վստահութեան քուէն: «Սակայն, իրականութեան մէջ իմ նպատակս է ստանալ ժողովուրդին վստահութեան քուէն, որովհետեւ ես կախարդական գաւազաններ չունիմ մօտս եւ հրաշքներ չեմ կրնար գործել:Երկիրը շատ դժուար փուլի մը մէջ է եւ ամբողջական փլուզման սեմին կը գտնուի», ըսաւ ան:
Միքաթի հաստատեց, որ ինք ստանձնած է հետզհետէ ընդարձակուող հրդեհը կասեցնելու պարտականութիւնը, որ սակայն կը կարօտի բոլորին համագործակցութեան: «Ես կը սերտեմ կացութիւնը եւ իրավիճակը, ու եթէ պէտք եղած արտաքին երաշխիքները եւ համոզումը չունենայի, նման պարտականութիւն չէի ստանձներ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութեան ընթացքին մերժեցին առաջադրել Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը:
«Միքաթիին յաջողութիւն կը մաղթենք եւ կոչ կ՛ուղղենք կառավարութիւնը կազմելու` հեռու մնալով մեծ անուանումներէ եւ ակնկալութիւններէ, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան խոչընդոտել կազմութեան հոլովոյթը: Մենք կարիքը ունինք փրկութեան կառավարութեան մը եւ ո՛չ միայն ընտրութիւններու կառավարութեան, այլեւ` յատկապէս բարեկարգումի, փտածութեան դէմ պայքարի, իւրացուած գումարները Լիբանան վերադարձնելու, իրաւական հաշուեքննութեան եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով հետաքննութիւնը շարունակելու ու արդարութիւնը հաստատելու կառավարութեան: Կառավարութեան մը, որ լիբանանցիները կը հանգստացնէ ընկերային եւ ապրուստի ողբերգական պայմաններէն, կառավարութեան մը, որ կարենայ լիբանանցիները նուաստացումէ դուրս բերել: Նեժիպ Միքաթիի նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքով հանդերձ որոշեցինք չզօրակցիլ ոեւէ թեկնածուի, նախքան երկրին դիմագրաւած տագնապներէն դուրս գալու մասին անոր ընդհանուր պատկերացումը իմանալը, ինչպէս նաեւ ճշդելը, թէ այդ պատկերացումը որքանո՛վ կը համեմատի ցասում ապրող ժողովուրդին ձգտումներուն, ժողովուրդ, որուն ծունկի բերելու նպատակ կայ», հանդիպումէն ետք ըսաւ Յ. Բագրատունի: