ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկու 26 Յուլիսին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Արշակ Կարապետեանի հետ: Այս մասին, վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանական գերատեսչութիւնը, կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիթերու վերաբերող հարցեր։