
ՍԱՔՐԱՄԵՆՔՕ․- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան յայտարարեց, թէ նահանգը որոշած է 11 միլիոն տոլար յատկացնել հայկական կրթական եւ արուեստի երեք հաստատութիւններու։ Ստորեւ յատկացումները․
– 9 միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի Հարաւ-արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի մէջ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն մը հաստատելու նախաձեռնութեան,
– Մէկ միլիոն տոլար՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտութեան հիմնարկին,
– Մէկ միլիոն տոլար՝ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան։
«Հպարտ եմ այս երեք հաստատութիւններով եւ անոնց կրթական գործունէութեամբ, որոնցմէ մեծապէս կ՛օգտուին մեր նոր սերունդը եւ երիտասարդութիւնը», կը յայտնէ Նազարեան։
Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջինը հանդիսանալիք՝ Հարաւարեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը հաստատելու նախաձեռնութեան իրականացման ջանքերուն մաս պիտի կազմեն նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտութեան հիմնարկը եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութիւնը։ Կեդրոնը, որ Հայաստանի մէջ ծնունդ առած է Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու նախաձեռնութեամբ, անվճար կրթական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ։
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտութեան հիմնարկին տրամադրուելիք գումարը պիտի գործածուի Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին պատմութիւնը ուսումնասիրելու նպատակին։
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտութեան հիմնարկին ղեկավարման խորհուրդի ատենապետ Չարլի Կալեան, ինչպէս նաեւ «Լարք»ի նախագահ Վաչէ Պարսումեան եւ ընկերակցութեան վարչութեան համաատենապետներ Էնտի եւ Հայտի Թորոսեաններ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին նահանգին այս առատաձեռն յատկացումներուն համար։