ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Մինչ Լիբանանի մէջ տիրող ապրուստի ծանր պայմաններուն ճնշումին տակ ժողովրդային բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին մեղմ թափով, գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ օրերուն պիտի առաջադրէ կառավարութեան նոր կազմ մը, որուն մաս կը կազմեն 24 նախարարներ, կը հաղորդէ «Մարքազիէ» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ նոյն տեղեկութիւններուն, 24 նախարարները բաժնուած պիտի ըլլան չորս վեցերու, որուն հիման վրայ նախարարներու իւրաքանչիւր վեցեակի չափաբաժինը պիտի յատկացուի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Սաատ Հարիրիի եւ քաղաքացիական ընկերութեան:
Ծառայութիւններու, ուժանիւթի, հաղորդակցութեան միջոցներու, հանրօգուտ շինութիւններու, ելեւմուտքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն պարագային, նախարարներու նշանակումին մասնակից պիտի դառնան Ֆրանսա եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Լիբանանի տարածքին պենզինի բոլոր կայարանները յայտարարեցին, թէ պիտի փակեն իրենց դռները մինչեւ երկուշաբթի առաւօտ, որպէսզի վառելանիւթի նոր սակացոյցին հիման վրայ վաճառեն վառելանիւթը:
Շաբաթ կէսօրին ամերիկեան տոլարի սակը հասաւ 18,000 լ. ոսկիի. իրականութիւն մը, որ քաղաքացիները մղեց փողոց, իսկ վաճառատուները՝ փակելու իրենց դռները:
Տիրող տնտեսական տագնապին եւ հետզհետէ վատթարացող ապրուստի պայմաններուն դէմ ժողովրդային բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, իսկ Թրիփոլիի մէջ աւելի կատաղի կերպով կը գործադրուին անոնք՝ ապահովութեան ուժերուն հետ ստեղծելով բախումներ եւ պատճառելով մարդկային ու նիւթական վնասներ:
Թրիփոլիի Թալ շրջանին մէջ ցուցարարներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ արձանագրուեցան բախումներ: Ցուցարարներ բանակայիններուն վրայ նետեցին ձայնային ռումբեր եւ քարկոծեցին զանոնք. այս արարքներուն պատճառով վիրաւորուեցան 10 զինուորներ:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: