ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Արա Շիրազի 80ամեակին առիթով, անոր մայրական տան՝ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանին մէջ բացուեցաւ անոր աշխատանքներուն ցուցահանդէսը:
Արուեստագէտի աշխատանքները պիտի ցուցադրուին մինչեւ Յուլիսի վերջը: Արա Շիրազի ստեղծագործութիւններէն թանգարանին մէջ ներկայացուած են քանի մը գործեր՝ Վահան Տէրեան, Մհեր Մկրտչեան, Զօրավար Անդրանիկի յուշարձանի մանրակերտ, ցուցադրուած են նաեւ արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ:
Արա Շիրազի եղբայրը՝ Վանանդ Շիրազ կը յայտնէ, թէ արուեստագէտին 80ամեակին առիթով, տարուան ընթացքին պիտի կազմակերպուին քանի մը ձեռնարկներ: