ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ մտահոգութեամբ տեղեկացած է, թէ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը կը պատրաստուի պատժամիջոցներ սահմանել Հայաստանի մէջ ալումինում արտադրող միակ ընկերութեան՝ Արաբկիրի «Արմէնալ»ի դէմ, որուն հետեւանքով առնուազն 700 հայ աշխատաւորներ կրնան անգործ մնալ։
Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ Ուաշինկթընի իշխանութիւններուն, որ նման կտրուկ քայլ մը առնելու փոխարէն, տարակարծութիւնները լուծելու նպատակով ժամանակաւոր համաձայնութիւն մը գոյացնէ, որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ երկու կողմերուն համար։
Նշենք, որ «Արմէնալ» ալումինում կ՛արտածէ դէպի Միացեալ Նահանգներ։
«Յատկապէս այս պահուն, նախագահ Պայտընի վարչակազմը պէտք է նեցուկ կանգնի Հայաստանի ինքնավարութեան եւ Արցախի ապահովութեան, բարեկամաբար լուծելու տարակարծութիւնները եւ նպաստելու երկկողմանի յարաբերութիւններու սերտացման», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութեան որոշումին հիմնաւորումները կարդալու համար այցելել կայքէջը։