ՄՈՍԿՈՒԱ.- ՀԱՊԿի հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանի ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ, զինուորական գործողութիւններու աւարտէն վեց ամիսներ ետք, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն ու Հայաստանի վարչապետին կողմէ եռակողմ յայտարարութեան որդեգրման շնորհիւ կացութեան կարգաւորման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած են դրական տեղաշարժներ: ՀԱՊԿի կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս, ՀԱՊԿի առցանց համախմբումին քննարկումներուն ընթաքին։
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայումը, միջազգային բանակցողներու ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի համապարփակ տագնապի լուծման վերսկսելու համար հիմք կը ստեղծեն երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման համար: Կացութիւնը աստիճանաբար կը կայունանայ: Կարեւորը այն է, որ այլեւս չեն կրակեր: Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կացութեան զարգացման, յատկապէս Հայաստանի Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Մենք կ՛ողջունենք կողմերուն՝ պետական սահմանի ճշդման հարցերը խաղաղ ճամբով լուծելու մտադրութիւնը: Մենք այնտեղ կը տեսնենք երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատելու հեռանկար: Նոյն ատեն, այնտեղ կացութեան սրման վտանգները տակաւին կը մնան», ըսաւ ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղարը: