ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 8 Յունիսին տեղի ունեցած արտաքին օժանդակութիւններու ամավարկի նախագիծի քննարկումներուն ընթացքին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Պարպրա Լի եւ Պրետ Շըրմըն, արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին հարցումներ ուղղեցին՝ Սպիտակ տան կողմէ թիւ 907 յաւելուածին կատարումէն հրաժարելով՝ Ատրպէյճանին օժանդակութիւն տրամադրելու՝ Ուաշինկթընի կեցուածքին եւ հայ ռազմագերիներու հարցերուն վերաբերեալ։

Մենենտեզ ըսաւ, որ հիասթափուած է վարչակազմին կողմէ 907րդ յաւելուածի պահանջներու հրաժարումէն, երբ Ատրպէյճան միայն վերջերս յարձակեցաւ Արցախի վրայ։ Մենենտեզ նկատել տուաւ, որ նման կեցուածք մը Պաքուն կրնայ համարել՝ «կանաչ լոյս՝ անպատիժ գործելու համար»։
Պաքուն զինելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման հարցերը բարձրացուցին նաեւ Շըրմըն եւ Լի, իսկ վերջինս ըսաւ, որ հարցերը նախարարին հետ պիտի շարունակէ քննարկել գրաւոր ընթացակարգով։
Իբրեւ պատասխան հնչած դիտարկումներուն՝ Պլինքըն, երբեմն կմկմալով, նշեց, թէ հարցումները պիտի ըլլան իր նախարարութեան ուշադրութեան տակ եւ աւելցուց, որ անձամբ աշխատած է գերիներու վերադարձի եւ հակամարտութեան կարգաւորման գծով գործնական բանակցութիւններու ուղղութեամբ եւ որոշ յառաջընթաց տեսնելու յոյս ունի։

Քննուեցան նաեւ Թուրքիոյ դրացի տարածաշրջանները ապակայունացնող Անգարայի քաղաքականութեան եւ այդ երկրին մէջ մարդկային իրաւունքներու համատարած խախտումներու, մասնաւորապէս լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու ձերբակալութիւններու հարցերը։ Մենենտեզ հարցուց, թէ ինչ կ՛ընէ Ուաշինկթըն՝ «էրտողանական Թուրքիոյ հակազդելու համար»։
Թուրքիոյ վերաբերեալ հարցերուն պատասխանելով՝ Պլինքըն նշեց, որ կը կիսէ բարձրացուած մտահոգութիւնները եւ Թուրքիան ուղղակիօրէն պիտի ներգրաւէ անոնց շուրջ քննարկումներուն։

«Կը միանանք մեր քոնկրեսական բարեկամներուն` պահանջելով անյապաղ դադրեցնել ամերիկեան ռազմական եւ այլ տեսակի օգնութիւն Ատրպէյճանին։ Ամերիկացի հարկատուներէն ոչ մէկ տոլար պէտք է փոխանցուի Ալիեւի՝ քարիւղով հարուստ, ազգայնամոլ եւ բռնատիրական վարչակազմին», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան: