ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ֆրանսայի եւ օտար պետութիւններու միջեւ ճամբորդներու հոսքը վերսկսաւ 9 Յունիսին` ըստ փոփոխուած ընթացակարգին, որ կախեալ է երրորդ երկրի մաքրութեան-հականեխման վիճակէն եւ ուղեւորներու պատուաստումներէն: Սահմանուած են տարբեր աստիճաններ եւ գոյներ։ Հայաստան նարնջագոյն գօտիին մէջ է` ժահրի աշխոյժ շրջանառութիւնը վերահսկուող համամասնութիւններով, առանց մտահոգող տարբերակներու տարածման։ Այս լուրը հաղորդեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.