ԱՆԱՀԻՍ ԱՍԻԼԵԱՆ
Սիրելիներ, մահը անխուսափելի առեղծուած մըն է բոլորին համար, եւ մահը վերջակէտ է անոնց համար, որոնք իրենց կեանքին մէջ ոչինչ տուած են իրենց ազգին եւ շրջապատին։
Նորան կը վայելէր լիբանանահայերու համակրանքը եւ դարձած էր փնտռուած անդամ ՀԲԸՄի շրջանակին մէջ։ Պատասխանատու պաշտօն ունէր հայկական դպրոցներու կրթական յանձնախումբին մէջ։
Նորան հաճելի զրուցակից էր. ազատօրէն կը խօսէինք մեր կեանքէն՝ տաքն ու պաղը, հաւատալով այն բոլոր սկզբունքներուն, որոնք մարդը կը դարձնեն անանձնական ծառայողը գաղափարին եւ հայրենիքին։
Իր զուարթ եւ հիւրասէր նկարագիրով ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծէր ընկերային հաւաքոյթներուն։
Անսխալական բնազդ մը ունէր եւ անձերը ու իրերը դատելու ողջմտութիւն։ Այստեղ է մեծութիւնը՝ հոգիի եւ սիրտի անաղարտութիւնը ու ազնուութիւնը։ Ընտանեկան կեանքը եղաւ լեցուն, իմաստաւոր եւ օգտաշատ՝ կապուած իր զաւակներուն, թոռներուն ու փոքրիկն Նորային։
Մարդկային հոգին գոհացումի պէտք ունի, այդ մէկը գտայ, երբ հանդիպեցայ Նորային Սենթ Ժոն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Կարճատեւ ծանօթութի՞ւն մը, թէ՝ մնայուն բարեկամնութիւն մը…։
Իր բոլոր շնորհներէն անկախ, Նորան դարձաւ Ամերիկայի կեանքիս ջերմաչափը։
Սիրելի Նորա, դուն բոլորիս համար կը մնաս բարեկիրթ, զոհաբերող եւ գաղափարական տիպար հայուհին։
Հանգստացած երկրային բոլոր ցաւերէն՝ աննման հոգիդ պիտի ապրի բոլորին սիրտերուն մէջ։
Այս գրութեամբ, վստահաբար, բան պիտի չ՛աւելնայ անոր հարուստ անցեալին վրայ։
Այսօր առիթն է կարենալ իր յիշատակին տուրքս մատուցելու։