ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետի Գործարարական եւ տնտեսական զարգացման բաժանմունքին եւ Հայկական ընկերային նորարարութիւններու զարգացման հիմնարկութեան՝ Impact Hub Yerevan-ի նախաձեռնութեամբ, 1 Յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ Քալիֆորնիոյ առեւտրական եւ սպասարկութիւններու յատուկ գրասենեակ մը բանալու համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութիւնը։
Առցանց արարողութեան մասնակցեցան փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիս, Հայաստան-Քալիֆորնիա առեւտրական կապերը սերտացնելու նպատակով այս քայլին իրականացման բանաձեւին վաւերացումը ապահոված՝ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, նահանգապետի Գործարարական եւ տնտեսական զարգացման բաժանմունքի վարիչ Տի Տի Մայըրզ, Հայաստանի կառավարութեան Սփիւռքի հարցերու բարձր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ Impact Hub Yerevan-ի կողմէ Րաֆֆի Քասարճեան։
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2019ին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգին միջեւ Շրջանակային համագործակցութեան համաձայնագիրին ստորագրութիւնը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ:
Ըստ համաձայնագիրին՝ Հայաստան եւ Քալիֆորնիա պիտի զարգացնեն համապարփակ համագործակցութիւն՝ բոլոր ուղղութիւններով: