ՎԵԿԱՍ.- Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նեւատայի նահանգապետ Սթիւըն Սիսոլաք 31 Մայիսին ստորագրեց ցեղասպանութիւններու նիւթին մասին դասաւանդումը նահանգին երկրորդական վարժարաններուն մէջ պարտադիր դարձնող օրէնքը։
Դասաւանդուող նիւթին մէջ պիտի ներառուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ իրաւաբան Լենա Յովհաննէսեան գլխաւոր ջատագովներէն մէկն էր այս բանաձեւին, որուն համար մօտէն գործակցած էր նահանգի հրէական կազմակերպութիւններուն հետ եւ ապահոված էր փոխնահանգապետ Քէյթ Մարշըլի հովանաւորութիւնը։