Երեքշաբթի, 25 Մայիսին, ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Մայտա Շահինեանի` այցելեց Ազգային առաջնորդարանը եւ տեսակցեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին ՀՕՄուհիները ներկայացուցին ընդհանրապէս Հայ Օգնութեան Միութեան եւ մասնաւորապէս իրենց մասնաճիւղի գործունէութեան հիմնական դաշտերը, յատկապէս Հայաստանի, Արցախի եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Իր կարգին, առաջնորդ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց ՀՕՄի աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց հայ կանանց ողջունելի այս միութեան ազգային, մարդկային եւ համամարդկային ծրագիրներուն: