ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 20 Մայիսին Հայաստանի մէջ աղմուկ բարձրացուց Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հրապարակած փաստաթուղթը, մանաւանդ որ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը հաստատեց անոր գոյութիւնը:
Շրջան ընող այս տեղեկութիւնը Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց Ազգային ժողովի նիստին՝ յայտարարելով, որ կայ համաձայնագիր մը, զոր ինք պիտի ստորագրէ, որովհետեւ անիկա ամբողջովին կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն՝ ան շեշտելով. «Եթէ Ադրբեջանն այդ պայմանաւորուածութիւնները իրագործի եւ այն պայմաններում, ինչ որ խօսել ենք, այո՛, ես այդ թուղթը ստորագերլու եմ, որովհետեւ դա 100 տոկոսով համապատասխանում է Հայաստանի շահերին, ոչ թէ 99 տոկոսով, այլ 100 տոկոսով: Թուղթը չեմ հրապարակի, որովհետեւ աշխատանքային թուղթը հրապարակելը ճիշդ չէ»:
Փաշինեան նաեւ անդրադարձաւ սահմանային վիճակին՝ զայն ներկայացնելով բաւական վատ եւ լարուած։ «Եկէք չթերագնահատենք, եղել է հրաձգութիւն, բայց կողմերը արձանագրել են, որ թիւրըմբռման արդիւնք է», ըսաւ ան՝ նշելով, թէ պէտք է 30 հազար զինուորի կեանք փրկել։ «Ես իմ վրայ վերցրել եմ այդ պատասխանատուութիւնը: Դժոխային ճանապարհի միջով ենք անցնում, բայց պէտք է անցնենք այդ ճանապարհը», պատճառաբանեց ան:
Փաշինեան նաեւ տեղեկացուց, որ մեծ թիւով ատրպէյճանցի զինուորականներ՝ մօտաւորապէս 500-600 հոգի, ներկայիս կը գտնուին Հայաստանի տարածքին մէջ, իսկ մեր զինուած ուժերուն գործողութիւններու տրամաբանութիւնը հետեւեալն է`՝մարտավարական գործողութիւններով սահմանափակել ատրպէյճանցիներուն գործողութիւնները:
«Քաղաքական առումով մեր խնդիրը հետեւեալն է՝ թոյլ չտալ, որ իրավիճակը դուրս գայ վերահսկողութիւնից, մաքսիմալն (առաւելագոյնը-Խմբ.) անել պատերազմական կամ ռազմական բախման որեւէ բեմագրութիւն բացառելու համար, հասնել նրան, որ ադրբեջանական զինուժի ներկայացուցիչները լքեն Հայաստանի տարածքը», աւելցուց ան։
Ըստ անոր՝ հայ–ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի գործողութիւններուն նպատակներէն մէկը պատերազմի հրահրումն էր: «Այդ գործողութիւններն առնուազն Սիւնիքի հատուածով իրականացւում է Հայաստանի տարածքի ամենանեղ հատուածում եւ եթէ իրադրութիւնը դուրս գար վերահսկողութիւնից, այնտեղ կարող էին անկառավարելի իրադարձութիւններ զարգանային, որ յետոյ կարող էր շատ մեծ հարցերի մեզ յանգեցնել», դիտել տուաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ դիւանագիտական խողովակներով հացի լուծումը ճիշդ եւ արդարացուած է, բայց ցարդ չէ ծառայած իր նպատակին:
Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ, որ տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է, որովհետեւ անիկա անհրաժեշտ է Ատրպէյճանին այնքան, որքան Հայաստանին:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ «կան Խորհրդային Ադրբեջանի պատկանած տարածքներ, որոնք գտնւում են ՀՀ Զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ, հիմա, ի վերջոյ, պէտք է հասկանանք՝ ինչ ենք անում: Սահմանների սահմանագծում եւ սահմանազատում նշանակում է՝ փակել այդ թեման», ըսաւ Փաշինեան:
Աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ ներգրաւուած չէ ենթադրեալ փաստաթուղթին վերաբերող գործընթացներուն մէջ: «Հանրապետութեան նախագահը ենթադրեալ փաստաթղթին առնչուող գործընթացների եւ քննարկումների մէջ ներգրաւուած չի եղել եւ չէ: Հետեւաբար, նա բացարձակապէս տեղեկացուած չէ այդ փաստաթղթի, առաւել եւս դրա մանրամասների մասին:
Հանրապետութեան նախագահը համոզուած է, որ նման գործընթացները պէտք է լինեն առաւելագոյնս հրապարակային եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերի ներգրաւմամբ», կ՛ըսուի այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
20 Մայիսի երեկոյեան, Ազգային ժողովը մերժեց հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերաբերեալ «Լուսաւոր Հայաստան»ի (ԼՀԿ) յայտարարութիւնը: Ազգային ժողովի միայն 25 պատգամաւորներ կողմ քուէարկեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանին սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու վերաբերեալ փաստաթուղթին մասին ԼՀԿի յայտարարութեան:
«Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց նշեց, որ քննարկում ունեցան «Լուսաւոր Հայաստան»ի պատգամաւորին հետ, ներկայացուցած բովանդակային առաջարկներ, չեն եկած ընդհանուր յայտարարի եւ այդ պատճառով չեն մասնակցած քուէարկութեան:
Երեկոյեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուժ ժամեր, քաղաքացիներ համախմբուեցան կառավարութեան շէնքին մօտ եւ Նիկոլ Փաշինեանէն պահանջեցին հրապարակել այն փաստաթուղթը, զոր կը պատրաստուի ստորագրել: Քաղաքացիները երթով ուղղուեցան Ազգային ժողովի շէնքին մօտ, ուր փորձեցին փողոցը փակել: Ոստիկանները բիրտ ուժ կիրարկեցին եւ ձերբակալեցին ցոյցին մասնակցողներէն ոմանք։
Ապա ցուցարարները ուղղուեցան Բաղրամեան պողոտայ՝ Ազգային ժողովին դիմաց, ուր եւս բախում տեղի ունեցաւ անոնց եւ ոստիկանութեան միջեւ, եւ 9 քաղաքացիներ ձերբակալուեցան։
20 Մայիսին «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ անդրադառնալով Հայաստանի քաղաքական վերջին զարգացումներուն, սահմանային հարցերուն եւ շրջանառուող համաձայնագիրի հարցին: «Սեփական իշխանութիւնն ամէն գնով պահպանել փորձող Նիկոլ Փաշինեանը երկրում ստեղծել է քաոս եւ պատրաստ է պետութեան ու հայրենիքի հաշուին կատարել ցանկացած ազգադաւ գործողութիւն, կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։