Արեւտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Մայրերու տօնին առիթով յղեց հետեւեալ պատգամը. «Միացեալ Նահանգներու տարածքին ամէն տարի Մայիս ամսուան երկրորդ Կիրակին սկիզբ կ՛առնէ Մայրերու տօնը, բայց չի հիննար, չի մաշիր, իմաստազուրկ չի դառնար, արժէքը չի կորսնցներ եւ երբեք չ՛աւարտիր, այլ քաղցրագին զգացումներու միեւնոյն վարարումով կը շարունակուի յաջորդ տարուան Մայիսին, որովհետեւ մենք բոլորս՝ հայր, եղբայր, մայր, քոյր կամ հարազատ ըլլալէ առաջ իրարու, զաւակնե՛րն ենք մեր մայրերուն, ո՛ր տարիքի մէջ ալ ըլլանք մենք, մեր մայրերը կեանքին մէջ ըլլան կամ ոչ: Մայրերու տօնը միշտ մեզմէ իւրաքանչիւրին պիտի յիշեցնէ այն վեհ ու սուրբ էակը՝ մեր մայրը, որուն ներողամիտ ժպիտն ու սիրով լեցուն նայուածքը տօնի՛ն պէս կը շարունակեն մեր մէջ ապրիլ մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան: Շնորհաւո՛ր ձեր տօնը, թանկագին մայրեր»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.