ԺՈՐԺԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1935ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Ժորժէթ Մինասեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 6 Մայիս 2021ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 19 Մայիս 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 12:30ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave, ապա թաղումը՝ Hollywood Hill Forest Lawn գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Տիգրան եւ Սեդա Մինասեան եւ դուստրերը՝ Դալար եւ Լուսի
Զաւակը՝ Նազարէթ եւ Մելինէ Մինասեան եւ զաւակը՝ Մանուկ
Զաւակը՝ Րաֆֆի եւ Արաքսի Մինասեան եւ դուստրը՝ Քրիսթին
Թոռները՝ Յովսէփ եւ Սարին Սորֆազեան եւ զաւակները՝ Տիգրան եւ Անի
Մանօ եւ Կասիկ Մինասեան
Եւ համայն հարազատները, ազգականներն ու բարեկամները
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Terrace ճաշարանին մէջ, 17239 Ventura Blvd., Encino, CA 91316։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ (Holy Martyrs Armenian Apostolic Church, 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316):
ԺՈՐԺԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ »Ռոստոմ« կոմիտէն եւ կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ կոմիտէի անդամներէն Նազարէթ Մինասեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատնեուն։
ԺՈՐԺԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը, յարակից մարմիններն ու երեսփոխանական կազմը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ եկեղեցւոյ ծխական շրջանի ազգային երեսփոխան Նազարէթ Մինասեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։