ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները ազատ արձակելու պահանջով քոնկրեսականներուն դիմելու արշաւի մը նախաձեռնած է, նոյն ժամանակ քննադատելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին 5 Մայիսի յայտարարութիւնը՝ ազատ արձակուած երեք հայ ռազմագերիներուն վերաբերեալ։
Նշենք, որ նախարար Էնթընի Պլինքըն գրած էր, թէ Ամերիկա կ՛ողջունէ Ատրպէյճանի կողմէ երեք հայ «բանտարկեալներուն» ազատ արձակումը եւ կոչ ըրած էր երկու կողմերուն, որ «ամողջութեամբ եւ արագօրէն աւարտեն բոլոր բանտարկեալներուն եւ դիերու փոխանակման գործընթացը ու յարգելու բանտարկեալներուն նկատմամբ մարդասիրական վերաբերում ապահովելու իրենց պարտաւորութիւնները»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը սխալ ընթացքի մէջ է եւ «կը շարունակէ Ատրպէյճանի կողմէ պատանդ պահուող հայերը ներկայացնել՝ իբրեւ բանտարկեալներ եւ ոչ թէ ռազմագերիներ: Այս բառախաղը Պաքուին կարելիութիւն կու տայ պահել, խոշտանգել եւ սպաննել հայ ռազմագերիները»:
Արշաւին միանալու համար այցելել www.anca.org/prisoners կայքէջը։