ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 81 թեր քուէներով Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու ծրարը:
Ըստ նախագիծին՝ կուսակցութիւններուն համար նախատեսուած շեմը 5էն կը դառնայ 4 տոկոս, իսկ դաշինքներունը, հակառակը՝ կը բարձրանայ: Մինչեւ 3 կուսակցութիւններու պարագային, շեմը կը դառնայ 8 տոկոս, 4 եւ աւելի կուսակցութիւններէ բաղկացած դաշինքներու պարագային՝ 10 տոկոս: