ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանան իր կատարած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, Հինգշաբթի, 6 Մայիսի երեկոյեան, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան բազմանդամ պատուիրակութեամբ մը այցելեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ եւ «Փրէօմիէր Իւրժանս» կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներ: Այցելութեան ներկայ գտնուեցան ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէն խորհուրդէն ներկայացուցիչներ ու բժիշկներ:
Նախարար Լը Տըրիանի հանդիպումը կը նպատակադրէր ծանօթանալ ԼՕԽի լայնածաւալ գործունէութեան, մասնաւորաբար՝ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի վերջին ամիսներու իրագործումներուն:
Նշենք, որ 4 Օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը այցելեցին ֆրանսական «Փրէօմիէր Իւրժանս» կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներ, որոնք ի տես կեդրոնին բժշկական սպասարկութիւններուն եւ շրջանի բնակչութեան կարիքներուն, կեդրոնի տնօրէն խորհուրդին առաջարկեցին բժշկական պարագաներու օժանդակութեան ծրագիր մը, որ ընթացք առաւ Նոյեմբեր 2020ին:
Այսպէս, բժշկական, տարրալուծարանային թէ այլ քննութիւններ ֆինանսաւորող կազմակերպութիւնը անցնող 6 ամիսներուն մօտէն հետեւեցաւ տարուած աշխատանքին, զանազան այցելութիւններ կատարեց եւ դրուատեց կազմակերպութեան հետ ԼՕԽի գործակցութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին այցելեց նաեւ կեդրոնը:
Կեդրոնի մուտքին պաշտօնական դիմաւորումի արժանանալէ ետք, ֆրանսացի հիւրերը բարձրացան կեդրոնի չորրորդ յարկի «Թնճուկեան» սրահը, ուր Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէն խորհուրդի անդամ Նազելի Աւագեան ֆրանսերէնով իր արտասանած խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց նախարարին եւ դեսպանին՝ ըսելով. «Բարձր կը գնահատենք ձեր այցելութիւնը եւ ներկայութիւնը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ, ձեր այցելութիւնը մեծ պատիւ մըն է Լիբանանահայ Գգնութեան Խաչին համար»: Աւագեան անդրադարձաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գործունէութեան՝ նշելով, որ ԼՕԽը Հայ Օգնութեան Միութեան միաւորներէն մէկն է եւ մարդասիրական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ իր շրջապատին: Ան աւելցուց, որ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը տարբեր բաժանմունքներու ճամբով տէր կը կանգնի իրեն դիմող բոլոր պարագաներուն անխտի՛ր: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք «Փրէօմիէր Իւրժանս» կազմակերպութեան յաճախակի այցելութիւնները եւ ցուցաբերած աջակցութիւնը խթանեցին կեդրոնին աշխատանքի կորովը եւ նպաստեցին ներկայացող բոլոր պարագաներուն բժշկական ամէն տեսակի ծառայութիւններ մատուցելու, յատկապէս Լիբանանի մէջ հետզհետէ բարդացող ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի օրերուն»:
Իսկ «Ինչո՞ւ «Փրէօմիէր Իւրժանս»ը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը նկատի ունեցաւ իր գործունէութեան դաշտը ընդարձակելու համար» նախարարին ուղղած հարցումին պատասխանեցին կազմակերպութեան Լիբանանի ներկայացուցիչներ Անկերան Ռէօպլան եւ Լին Քասիս եւ ծրագիրը հովանաւորող Արթիւր Ժերմօ՝ վկայելով, թէ «կազմակերպութիւնը Պէյրութի շրջանին մէջ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը նկատի ունեցաւ, որովհետեւ ըլլալով կանացի կամաւոր գործող միութիւն մը, կեդրոնը ունի հետեւողական եւ բարձրորակ սպասարկութիւններու գործունէութիւն, բացառիկ գործակցութիւն ցուցաբերեց ներկայացուած ծրագիրին իրագործման ի խնդիր եւ յատկապէս տնտեսական տագնապի այս օրերուն առանց խտրականութեան յաջողեցաւ բաւարարել կարիքները ներկայացող պարագաներուն, որոնց թիւը կը բարձրանայ օրէ օր: Ծրագիրին նպատակն է հասնիլ բոլոր պարագաներուն անխտիր, եւ ԼՕԽի մօտ այդ դրական արդիւնքը ակներեւ է մեզի համար»:
Այցելութեան պաշտօնական բաժինի աւարտին, նախարարը եւ դեսպանը գնահատեցին ԼՕԽի աշխատանքը եւ դրուատեցին կեդրոնին մէջ կատարուող ծառայութիւնները: Ապա, անոնք ուղղեցին լուսաբանական բազմաթիւ հարցումներ՝ ԼՕԽի պատմութեան, առաքելութեան եւ աշխատանքներու ծիրին մասին: Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները նախարարին եւ դեսպանին հարցումներուն պատասխանելէ ետք, զանոնք պատուեցին ԼՕԽի ասեղնագործ աշխատանքներով։Ապա, ԼՕԽի ոսկեմատեանին մէջ նախարար Լը Տըրիան արձանագրեց իր տպաւորութիւնները:
Այնուհետեւ, պատուիրակութիւնը շրջեցաւ կեդրոնին զանազան բաժանմունքները, ծանօթացաւ բժիշկներուն եւ պաշտօնեաներուն հետ, որոնք իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ ներկայացուցին հիւրերուն:
Կեդրոնին հրաժեշտ տալէ առաջ, նախարարը մեծապէս գնահատեց իրագործուած բարեսիրական աշխատանքը եւ «Փրէօմիէր Իւրժանս»ի հետ ԼՕԽի գործակցութիւնը ու մաղթեց նոր յաջողութիւններ: