
ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Ազդակ»ի 29րդ առցանց լսարանի դասախօսն էր Փարիզի մէջ գործող «Փեթրոսթրաթեժի» հիմնարկի տնօրէն, տնտեսագէտ դոկտ. Պետրոս Թերզեան: Նիւթն էր՝ «Այսօրուան աշխարհակարգին մէջ ուժանիւթի գործօնը՝ հայկական դիտակէտերէ»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դոկտ. Թերզեան քարտէսներով եւ տուեալներով ներկայացուց կովկասեան շրջանին հետ յարաբերակցաբար առնչութիւն ունեցող երկիրներու նաւթի եւ կազի պաշարները, նաեւ՝ արտադրութեան ծաւալները:
Հաստատելէ ետք, որ այս ուժանիւթերու բարձրակէտին վրայ է այսօր աշխարհը, ան նկատեց, որ յառաջիկայ տարիներուն կը սկսի անկումը ուժանիւթի արժէքին, թէ՛ սպառման, թէ՛ մրցակցութեան եւ թէ գինի նուազեցումի հանգամանքներով:
Դոկտ. Թերզեան մանրամասն տուեալներ ներկայացուց թէ՛ նաւթի եւ թէ կազի տարանցիկ ուղիներուն, յառաջատար երկիրներուն՝ Ղազախստանի, Իրանի եւ Թուրքմենիստանի մասին, յատուկ կերպով կեդրոնանալով Ատրպէյճանի տուեալներուն վրայ:
Կասպից ծովու ուժանիւթային պաշարներու յայտնաբերման օրերուն տարբեր վերլուծական կեդրոններու կատարած կանխատեսումներու իրականութեան չհամապատասխանելուն անդրադառնալով՝ դոկտ. Պետրոս Թերզեան հաստատեց, որ Ատրպէյճանի ուժանիւթային արժէքի անկումը սկսած է արդէն:
Դոկտ. Թերզեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային ջրային, արեւային, հիւլէական եւ հողմային ուժանիւթի համակարգերուն մասին՝ հաստատելով, որ Հայաստանի պարագային ուժանիւթային աղբիւրները բոլորովին կը բաւարարեն ամբողջ երկիրը:
Ռազմական գործողութեան ձեռնարկելու մղումը դասախօսը առնչեց ատրպէյճանական ուժանիւթի անկումի գործընթացին հետ: Ապա ան հաստատեց, որ Ատրպէյճանի մէջ իշխող խաւի շահերէն մեկնած՝ կը մշակուի ուժանիւթի ներդրումային քաղաքականութիւնը:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցում-պատասխանի եւ տեսակէտներու արտայայտման բ հետաքրքրական քննարկում մը: