[embedyt] https://www.youtube.com/watch?v=aXcbGZWbFjY[/embedyt]
Պոլսահայ յայտնի երգչուհի Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու վերջերս հրապարակ հանեց նոր տեսահոլովակ մը: Տեսահոլովակը պատրաստուած է «Անվերջ Խաւար» խորագիրով երգին համար, որուն խօսքերը գրած է Մարալ Այվազի, իսկ երաժշտութիւնը յօրինած է յայտնի արուեստագէտ Արա Տինքճեան: Վերջինիս այս յօրինումին բուն անունը «Փիքչըր» է, որ անցեալին զանազան երկիրներու մէջ բազմաթիւ լեզուներով երգուած է: Մարալը արդէն այս երգին տեղ տուած էր իր անդրանիկ սկաւառակին մէջ, որ լոյս տեսած էր Յունիս 2019ին:
Երգչուհին, պատերազմներէ տուժած մարդոց ցաւը եւ տառապանքը արտայայտելու նպատակով, գրած է այս երգին բառերը: Ան ապա մտածած է, որ երգին բառերուն խորհուրդը պէտք է ձեւափոխուի պատգամակիր գծանկարներու, որպէսզի անիկա անմեղ մարդոց ենթարկուած իրադարձութիւնները հանրութեան ուշադրութեան յանձէ: Հոլովակը պատրաստուած է Երեւանցի արուեստագէտ Հայկ Սայատեանի կողմէ, իսկ Մարալի հետ նկարահանումները կատարած է Յարութիւն Տավուլճեան:
Երգչուհին տեսահոլովակին վերաբերեալ զգացումները եւ մտածումները կը բացատրէ հետեւեալ խօսքերով. «Պատմութեան հին օրերէն սկսեալ մարդիկ անընդհատ կը պատերազմին, մանաւանդ աշխարհաքաղաքական պատճառներու եւ երկիրներու շահամոլ հաշիւներուն պատճառով: Պատերազմը աշխարհի անվերջանալի իրականութիւնն է: Մահեր, կոտորածներ, աւերածութիւններ, ոչնչացումներ, պարտադիր տեղահանութիւններ եւ այդ տեղահանութիւններուն ընթացքին անմարդկային ցաւալի վերաբերումներ կը շարունակուին: Դժբախտաբար մեծ տէրութիւններ դասեր չեն քաղած այս ողբերգութիւններէն, իսկ տառապողները կ՛ըլլան միայն մանուկներոը եւ անմեղ բնակիչները: Ես այս երգով ուզեցի դառնալ որդեկորոյս մայրերու ձայնը, որովհետեւ գիտեմ մեղեդիներու այն ոյժը, որ շուտով կը հասնի բոլորին եւ կը յիշեցնէ մեզ մեր մարդ ըլլալը»։