Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ Ազգային վարչութեան, «Յարութ Պարսամեան կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը բացուած կը յայտարարէ 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանին համար հիմնադրամին դիմումնագիրներ ընդունելու ժամանակաշրջանը:
Հանգուցեալ փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամը կը նպատակադրէ աջակցիլ հայ ուսանողներու, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեամբ, Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի կամ քոլեճի մէջ:
Թղթածրարը պէտք է բովանդակէ հետեւեալները.
- Դիմումնագիր-նամակ մը, որուն մէջ պէտք է նշուին դիմողին ամփոփ կենսագրականը, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ իր հասարակական կեանքին մասին, հասցէ (ե-նամակի եւ նամակատան) եւ հեռաձայնի թիւ:
- Նամակին կցուած ըլլայ դիմողին լուսանկարը: Դիմողը նաեւ պարտի արձանագրել Սփիւռքի հայութեան վերաբերող պարագայ մը, որ կը մտահոգէ զինք եւ արձանագրէ իր առաջարկը՝ իբրեւ լուծում նոյն այդ մտահոգութեան մասին:
- Վկայագիր մը՝ ամերիկեան որեւէ օրինաւոր համալսարան կամ քոլեճ ընդունուած ըլլալուն մասին (նշել ուսումնարանի հասցէն):
- Դիմողին համալսարանական անձնագիրը՝ իր աշակերտական թիւով (Student ID) եւ նիշերու ցանկը:
- Նախընտրաբար յանձնարարական մը:
Առ ի փոխանցում հիմնադրամի յանձնախումբին՝ դիմումնագիրները Ազգային առաջնորդարան պէտք է յղուին մինչեւ 9 Յուլիս, հետեւեալ հասցէով.
Harut Barsamian Armenian Students Scholarship Fund
c/o Western Prelacy
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214
Ըչ-ամբողջական թղթածրարները նկատի պիտի չառնուին յանձնախումբին կողմէ: