ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 2 Մայիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Երեւման Ս. Խաչի տօնին առիթով նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ իր պատգամին մէջ շնորհաւորեց Մովսէս քհնյ. Շաննագեանը, որ իբրեւ հոգեւոր հովիւ՝ այսուհետեւ պիտի գործէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեանի, Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանի եւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի կողքին՝ իր երիտասարդական ուժը եւ աւիւնը ամբողջականօրէն ներդրելով ծառայական գործին մէջ, ի նպաստ Աստուծոյ տան յաւելեալ բարեզարդման եւ բարգաւաճման:
Իր հոգեւոր խօսքին մէջ, ընդգծելէ ետք Երուսաղէմի մէջ 4րդ դարուն արձանագրուած հրաշքը, որ Ս. Խաչի երեւումն էր երկինքէն՝ պատգամաբեր սրբազան հայրը ըսաւ. «Այս տօնին առիթով այսօր բոլորս կը հրաւիրուինք մեր հոգիի եւ առօրեայ կեանքին մէջ տեսնելու Ս. Խաչին լուսափայլ ներկայութիւնը՝ հաւատք եւ կապուածութիւն ունենալով մեր Արարիչին նկատմամբ, սէր եւ մտերմութիւն ունենալով մեր Փրկչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ։ Աստուածորդի Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որ մարդուն մթագնած կեանքին լոյս տայ, որովհետեւ Աստուած լոյս է եւ ան որ Աստուած ունի իր կեանքին մէջ, պէտք է հեռու մնայ խաւարէն, որովհետեւ լոյսն ու խաւարը քով-քովի չեն գար, այնպէս ինչպէս բարեպաշտութիւնը ու մեղքը, օրհնութիւնն ու անէծքը չեն հանդիպիր իրարու: Ս. Խաչի Երեւման տօնը մեր ներկայ դարուն մէջ աւելի եւս կը ձգտի մեզ բոլորս զգուշացնելու կործանարար մեղքէն եւ խաւարի իշխանութենէն՝ ցոյց տալով մեզի մեր փրկութեան միակ միջոցն ու երկինքի ճամբան»:
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ ՄՈՎՍԷՍ ՔՀՆՅ. ՇԱՆՆԱԳԵԱՆԻ
Ան ծնած է Այնճար, Լիբանան, 1983ին: 2008ին աւարտած է Թորոնթոյի համալսարանը եւ ստացած Պսակաւոր արուեստից վկայական՝ Neuroscience եւ Psychology ճիւղին մէջ (Honors B.Sc.): 2012ին արժանացած է Աստուածաբանական Մագիստրոսի տիտղոսին (M. Div), Թորոնթոյի Ս. Միքայէլ համալսարանէն: Նոյն տարին հաստատուած է Լոս Անճելըս եւ Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին մէջ ստանձնած է քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխատանքներ, նաեւ իբրեւ ուսուցիչ՝ մինչեւ օրս իր ծառայութիւնը կը բերէ Ազգային երկու վարժարաններու մէջ: Ան քահանայ ձեռնադրուած է 2017ին:
Առաջնորդը, համախորհուրդ Արեւմտեան թեմի Խառն ժողովին՝ Մովսէս քհնյ. Շաննագեանը նշանակեց հոգեւոր հովիւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: