ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ողջ հայութեան պարտքն է գիտակցել, որ Փաշինեանի վարչախմբի վերարտադրութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի համար շատ աւելի վտանգաւոր է, քան նոյնիսկ Ադրբեջանից եւ Թուրքիայից բխող հնարաւոր կամ ենթադրեալ սպառնալիքները», ilur.am-ին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ կ՛ըսէ Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:
Ան հրապարակեց Հայաստանի երեք նախագահներուն 25 Մարտի հանդիպման ցարդ գաղտնի պահուող յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան կ՛առաջարկէր Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպէրթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ միացեալ դաշինքով մասնակցիլ Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւններուն՝ «մեզ սատարող քաղաքական ուժերից, հասարակական կազմակերպութիւններից եւ հեղինակաւոր մտաւորականներից կազմուած «Ազգային համաձայնութեան դաշինք» անուանումը կրող ցուցակով»:
Ռոպէրթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիկտոր Սողոմոնեան արձագանգեց Լեւոն Տէր Պետրոսեանին։ Ան զարմանալի կը գտնէ նման գաղտնի փաստաթուղթի մը հրապարակումը, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ իրենք արդէն ընտրած են մասնակցութեան այլ ձեւաչափ, որուն մասին պիտի յայտարարեն ամէնէն մօտիկ ապագային:
Նման փաստաթուղթի մը հրապարակումը անընդունելի նկատեց նաեւ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակը՝ դիտել տալով, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը քանի մը օր առաջ իր որոշումը տուաւ ընտրութիւններուն մասնակցելու վերաբերեալ եւ հրապարակեց զայն: