ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովին մէջ, 3 Մայիսին տեղի ունեցած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ Նիկոլ Փաշինեան չընտրուեցաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին՝ ապահովելով երկրին մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու կարելիութիւնը։
Հարցի քուէարկութիւնը ստացաւ 1 թեր, 3 դէմ եւ 75 ձեռնպահ ձայներ:
Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրուեցաւ խորհրդարանի «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը, որուն անդամներէն Ալեն Սիմոնեան յայտարարեց, որ իրենք ձեռնպահ պիտի քուէարկեն: Ազգային ժողովի յատուկ նիստին «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ:
Աւելի ուշ խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեան հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Ազգային ժողովը վարչապետի ընտրութեան հարցը երկրորդ անգամ պիտի քննարկէ 10 Մայիսին։