ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն օժանդակած կազմակերպութիւններուն եւ անձնաւորութիւններուն նամակներ յղեց։
Ան շնորհակալական նամակ յղեց Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիին՝ նշելով. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն միացաւ ԱՄՆ Կոնգրեսին եւ ճանաչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Տեղի ունեցածը այլեւս երբեք չպէտք է կրկնուի: Մենք անկեղծօրէն երախտապարտ ենք բոլոր նրանց, ովքեր նուիրուածութեան, եռանդի եւ բարոյական կամ ցանկացած այլ աջակցութեան միջոցով իրականացրեցին դա եւ նպաստեցին արդարութեան վերականգնմանը»:
Նախագահը նամակին մէջ կը յայտնէ, թէ Փելոսի եւ անոր խումբը մնայուն կերպով շեշտեցին, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացած բարբարոսութիւնը ցեղասպանութիւն էր: «Ձեր արժէքներին հաւատարիմ մնալով` արեցիք ամէն ինչ հասնելու Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչմանը եւ յիշատակմանը: Շնորհակալութի՛ւն, տիկին խօսնակ», կը գրէ Սարգսեան:
Նախագահը շնորհակալական նամակներ յղեց նաեւ Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն` ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեանին եւ համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունիին` երախտագիտութիւն յայտնելով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առումով անոնց ներդրած աւանդին համար:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին ուղղուած նամակին մէջ նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս կ՛ընդգծէ, որ տարիներու ջանադիր իրենց գործունէութիւնը ծանրակշիռ նպաստը ունեցած է նաեւ 2019ին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի զոյգ տուներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունման մէջ, որ կարեւոր փուլ էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման առումով: «Այն հետեւողական աշխատանքը, որ ՀՅԴն կատարում է Սփիւռքում եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներում ազգապահպանութեան ու համազգային նպատակների իրականացման ուղղութեամբ, արժանի է մեծագոյն յարգանքի եւ գնահատականի: Վստահ եմ, որ այսուհետ եւս շարունակելու էք առաջնորդուել համազգային շահով եւ արդարութիւնը վերջնական հանգրուանին հասցնելու դժուարին առաքելութեան խորին գիտակցումով», կ՛ըսէ նախագահը:
Պերճ Սեդրակեանին ուղղուած նամակին մէջ նախագահ Սարգսեան յատկապէս բարձր կը գնատահէ միութեան հայրենանուէր եւ ազգանպաստ գործունէութիւնը՝ աւելցնելով. «Հաւատարիմ՝ ՀԲԸՄ հիմնադիրների աւանդին, որոնք Մեծ Եղեռնի առաջին իսկ օրերին իրենց ողջ ուժն ու կարողութիւնն ուղղեցին կոտորածներից ու հալածանքներից փրկուածների օգնութեան գործին, ՀԲԸՄն մշտապէս թիկունք է կանգնել համազգային նպատակների իրականացմանը թէ՛ Հայաստանում ու Արցախում եւ թէ՛ ողջ աշխարհում, այդ թւում` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներում: Դուք մշտապէս վառ էք պահում հայապահպանութեան ու հայ ինքնութեան կրակը, ինչը վկայում է, որ ՀԲԸՄն հաստատուն է իր նպատակներում եւ հաւատարիմ է սկզբունքներին»:
Վան Գրիգորեանին եւ Պրայըն Արտունիին ուղղուած նամակներուն մէջ նախագահ Սարգսեան բարձր կը գնահատէ համագումարին` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերաբերող աշխատանքը եւ կ՛աւելցնէ՝ ըսելով. «Մենք երախտապարտ ենք բոլոր նրանց, ովքեր իրենց նուիրումով, ջանքերով նպաստել են արդարութեան վերականգնմանը: Ամերիկայի Հայկական համագումարը հրաշալի աշխատանք է կատարել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործում: Երբ մենք համախմբում ենք մեր ջանքերն ու մեր տեսլականը վերածում իրական գործողութիւնների, արդիւնքը միշտ տեսանելի է լինում»:
Արմէն Սարգսեան շնորհակալական նամակներ յղեց նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդներուն` երախտագիտութիւն յայտնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առումով անոնց ներդրած աւանդին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման ու հայրենիքի հզօրացման նուիրական գործին արժանապատուօրէն ծառայելնուն համար:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Դանիէլ եպս. Ֆինդիկեանին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին ուղղուած նամակներուն մէջ նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս կ՛ընդգծէ եկեղեցւոյ համախմբող դերը հայ համայնքի կեանքին մէջ՝ նշելով, որ անիկա մնայուն կերպով մասնակցութիւն կը բերէ հայանպաստ զանազան ձեռնարկներու եւ ամենայն նուիրումով ու պատրաստակամութեամբ ջանքեր կը ներդրէ՝ հայոց արդար դատը տրամաբանական աւարտին հասցնելու համազգային պայքարին մէջ: