ՖՐԵԶՆՕ.- 6 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեան պիտի բանախօսէ Արցախի մէջ Հայ եկեղեցւոյ վիճակին մասին, կեդրոնանալով յատկապէս խորհրդային տարիներուն վրայ։
Առցանց քննարկումը կազմակերպուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կողմէ։
Դոկտ. Սանճեան Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղին մէջ հայոց եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան դասախօս է: Ան մասնագիտացած է Լոնտոնի համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան ուսմանց բաժանմունքին մէջ, իսկ նախապէս եղած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական ուսմանց, պատմութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի վարիչը: 2003ին, ան՝ իբրեւ այցելու դասախօս դասաւանդած է նաեւ Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ։ Անոր ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են յատկապէս Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաջորդող ժամանակաշրջանին՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Ասիոյ արաբական երկիրներու պատմութեան վրայ: Հեղինակն է «Թուրքիա Եւ Իր Արաբ Դրացիները, 1953-1958. Պաղտատի Դաշնագիրի Արմատներուն Եւ Ձախողութեան Ուսումնասիրութիւնը» աշխատասիրութեան եւ երկու այլ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու ու պատմագիտական գիրքերու մէջ հատուածներու, հրատարակուած՝ անգլերէնով, հայերէնով, ֆրանսերէնով եւ ռուսերէնով:
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ կայքէջը։