ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Կազան գտնուող Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 29 Ապրիլին մասնակցեցաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին:
Այս ծիրին մէջ, ան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ եւ ընդգծեց այն դերը, զոր Ռուսիան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը կասեցնելու առումով։ Ան արդիւնաւէտ նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներուն գործունէութիւնը:
Փաշինեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ գործունէութեան եռակողմանի աշխատանքային խումբին, զոր կը գլխաւորեն Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերը:
Անտեսելով Ատրպէյճանի կողմէ հետեւողական կերպով Հայաստանին ուղղուած սպառնալիքները՝ Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ կառուցողական տրամադրուած է, Հայաստան բարձր կը գնահատէ խումբին աշխատանքը, որովհետեւ, ըստ Փաշինեանի, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը կրնայ փոխել ամբողջ տնտեսական իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ եւ ամրապնդել տնտեսական կապերը ու համարկումը Ռուսիոյ ու Հայաստանի միջեւ:
«Բոլորին հասկանալի է, որ դա կարեւոր է ոչ միայն մեր տարածաշրջանի, այլեւ մեր տարածաշրջանի համար առաւել լայն իմաստով, քանի որ խօսք է գնում Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովի, Պարսից ծոցի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ կապերի վերականգնման մասին: Դա իսկապէս կարող է դառնալ հզօր տնտեսական գործօն Եւրասիական տնտեսական միութեան զարգացման համար: Եւս մէկ անգամ ցանկանում եմ հաստատել, որ մենք կառուցողական ենք տրամադրուած եւ յոյսով եմ, որ ներկայում ընթացող աշխատանքը յստակ արդիւնք կ՚ունենայ, որոնք կայունութիւն, խաղաղութիւն ու բարեկեցութիւն կը բերեն մեր ողջ տարածաշրջանի համար», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը: