ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 29 Ապրիլին հիւրընկալեց Ֆրանսայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Կի Թեսիէի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ֆրանսայի խորհրդարանի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի հիմնադիր անդամ Վալերի Պուայէ, երեսփոխաններ Ժագլին Տիւպուա, Ֆրանսուա Փուփոնի եւ Կզաւիէ Պրըթոն:
Կի Թեսիէ ըսաւ, որ ինք եւ իր գործընկերները Հայաստանի ու Արցախի երկար տարիներու բարեկամներ են, եւ իրենց թիւը կրնայ շատ աւելի մեծ ըլլալ, որովհետեւ Հայաստան Ֆրանսայի մէջ բազմաթիւ բարեկամներ ունի: Ֆրանսայի Ծերակոյտին եւ խորհրդարանին մէջ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ բանաձեւերու ընդունումը արդիւնք է այն պայքարին, զոր տարուած է տարիներ շարունակ։
Անոնք ներկայացուցին Արցախ կատարած իրենց այցելութենէն տպաւորութիւնները, կարեւոր նկատեցին պատերազմին, անոր հետեւանքներուն, ռազմատենչ ու անմարդկային բնոյթի մասին խօսիլը, միջազգային հանրութեան առջեւ կատարուածը բացայայտելը եւ բարձրաձայնելը: Անոնք հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն սատարել եւ աջակցիլ Հայաստանին ու Արցախին:
Ֆրանսացի խորհրդարանականները նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ, որ գոհունակութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին ցուցաբերուող զօրակցութեան եւ հայ-ֆրանսական բարեկամութեան օրակարգը հետեւողականօրէն յառաջ մղելու առումով անոնց ունեցած մեծ աւանդին եւ հետեւողականութեան առնչութեամբ: Ան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցին ոգեկոչման ձեռնարկներուն ֆրանսական կողմէ նման բարձր ներկայացուածութիւնը համամարդկային արժէքներուն եւ արժանապատուութեան նկատմամբ Ֆրանսայի աներեր յանձնառութեան վերահաստատումն է:
Անոնք միտքեր փոխանակեցին հայ-ֆրանսական երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերու վերաբերեալ: Բարձր գնահատուեցաւ խորհրդարանական հարթակի վրայ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը` թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափերով։
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հարցերուն: Այս պարունակին մէջ, Արա Այվազեան խորհրդարանականներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց թուրք-ատրպէյճանական յարձակումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրադրութեան, արցախահայութեան առջեւ ծառացած ընկերային-տնտեսական հարցերուն եւ անոնց հասցէագրման հրատապութեան վրայ: