ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Զահլէի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշի, Զահլէի մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժոզէֆ Մուաուատի, Զահլէի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Անթոնիոս Ալ Սուրիի ներկայացուցիչ հայր Երեմիա Ազզամի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, Շաբաթ, 17 Ապրիլին, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան սրբադասուած նահատակներու կոթողի բացման հանդիսութիւնը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Կարօ Թորգոմեան մեկնաբանեց Ղասսան Ռահպանիի «Նահնա արման, նահնա Լպնան» երգը, որմէ ետք արաբերէնով բացման խօսքը արտասանեց Սալբի Փամպուքեան: Ան հաստատեց, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն 106 տարիներ ետք տակաւին պիտի չմոռնանք մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը՝ աւելցնելով, որ թուրքը կարծեց, թէ իր այս արարքով պիտի բնաջնջէ հայ ազգը՝ առանց գիտնալու, որ հայ ազգը պատմութեան ընթացքին կրցած է ամէնէն զօրաւոր եւ մեծ կայսրութիւններուն դէմ դնել իր հաւատքին ու կրօնին սիրոյն, եւ որ Հայաստանը հաւատքի երկիր է: Փամպուքեան նկատել տուաւ, որ շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան իր առաքելութիւնը ստանձնելէն ի վեր, շրջանի ժողովուրդի կրօնական, ընկերային եւ կրթական հարցերով զբաղելու կողքին, նպատակ ունեցած է յուշակոթող մը կանգնեցնել Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին՝ աւելցնելով, որ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ հայր սուրբը յաջողեցաւ համախմբել շրջանի կուսակցութիւնները եւ միութիւնները ու իրականացնել իր ծրագիրը:
Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան խօսք առնելով յայտնեց, որ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդ՝ կը յիշենք մեր սուրբ նահատակները եւ կը պահանջենք արդարութիւն եւ միջազգային ճանաչում՝ մարդկութեան դէմ մեծագոյն եւ սարսափելի յանցագործութեան համար, որ կատարուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յուշակոթողի քողազերծումը եւ վառեցաւ անոր ջահը, որմէ ետք Մարիա Նասսար արաբերէնով ասմունքեց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծական կտոր մը:
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն 106 տարիներ ետք, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին ուխտի որդեգրումէն 70 տարիներ ետք, տակաւին սուրբ նահատակներուն ձայնը կը լսուի պատմութեան խորերէն՝ պահանջելով արդարութիւն, եւ տակաւին ոճրագործը յամառօրէն կը մերժէ ընդունիլ: «Այսօր, մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութենէն եւ Ցեղասպանութենէն 106 տարիներ ետք կ՛ըսենք, որ իրականութեան բացայայտման իրաւունքը միայն հայերուն համար չէ, այլ՝ բոլորին, որովհետեւ մարդկային իրականութիւն մըն է, որ անցեալին հետ կապ չունի, այլ՝ ներկային, որ պիտի կերտէ ապագան», հաստատեց նախարարի պաշտօնակատարը՝ աւելցնելով, որ Լիբանանի խորհրդարանը ընդունած է, որ Թուրքիան Ցեղասպանութիւն գործած է հայութեան դէմ եւ պահանջած է վնասուց հատուցում: Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ ասիկա մեզ կը մղէ պահանջելու այլ երկիրներու խորհրդարաններէ, որպէսզի իրենք եւս ընդունին Ցեղասպանութիւնը, եւ եզրափակելով իր խօսքը՝ հաստատեց, որ ոճիրի մը հանդէպ լուռ մնալը ինքնին ոճիր է, եւ մենք՝ իբրեւ սուրբ նահատակներուն թոռները, պիտի չմոռնանք եւ պիտի չյանձնուինք:
Ապա, Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն «Ղօղանջ Եղեռնական» քերթուածի ասմունքով հանդէս եկաւ Մարկօ Զէյթունեան:
Շահէ արք. Փանոսեան իր պատգամի սկզբնաւորութեան Ապրիլեան նահատակներուն ձօնուած նորակերտ կոթողին դիմաց իր յարգանքը եւ սիրոյ տուրքը ընծայեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը տուին Աստուծոյ եւ հայութեան համար: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ կան ծրագիրներ, որոնք իրականութեան վերածուելու համար պէտք է արժանանան ժողովուրդի միահամուռ աջակցութեան եւ գնահատանքին, որուն իրողութեան փաստը կը տեսնենք սոյն կոթողի կառուցման գործին մէջ: Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ սիրոյ եւ միութեան ոգիի արտայայտութեամբ իրականացուած այս նախաձեռնութեան ընդմէջէն մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու ձայնը լսելի դառնայ բոլորին՝ վստահեցնելով, որ այս իրագործումը իր բարի անդրադարձը պիտի ունենայ Զահլէի եւ շրջակայից հայութեան կեանքին վրայ ու առիթ ստեղծէ, որ շրջանին մէջ առաւել եւս աշխուժանան ու ներդաշնակուին եկեղեցւոյ ճամբով ու միութենական ճիգերով տարուող բազմապիսի աշխատանքները:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Աղբերս Ու Ես» երգով՝ կատարողութեամբ Շանթ Մատարեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Աւօ Չայլեանի: