ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնի հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին ծրագիրները նուիրատուներուն, համակիրներուն եւ հանրութեան ծանօթացնելու նպատակով, առցանց հանդիպումներու շարքի մը նախաձեռնած է։
Հոգաբարձութեան, հիմնադիրներու եւ գլխաւոր նուիրատուներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ արաջին հանդիպումը, որուն ընթացքին մանրամասնութիւններ ներկայացուեցան այս տարուան ամրան կայանալիք հիմնարկէքի եւ նախապատրաստական այլ աշխատանքներուն մասին եւ եղան կարծիքներու փոխանակումներ։
Նման հանդիպումներ պիտի կազմակերպուին գարնան ընթացքին, կը յայտնէ թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան, հոգաբարձութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնելով ծրագիրին բոլոր նեցուկ կանգնողներուն։
Նշենք, որ Հայ-ամերիկեան երկյարկանի թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ ու ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
Ծրագիրը ծնունդ առած էր 2014ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կազմուած համագաղութային յանձնախումբին մէջ։ 2015ին կազմուած Հայ-ամերիկեան թանգարանի հոգաբարձութեան մաս կը կազմեն շրջանի գլխաւոր հայկական կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները։
Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: