Կիրակի, 11 Ապրիլ 2021ին վախճանեցաւ Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեան (մկրտութեան անունով` Յակոբ):
Յարութիւն վարդապետը ծնած է Պէյրութ, 27 Յուլիս 1937ին: Ան Ս. Ղազար հասած է 17 Յունուար 1950ին եւ նորընծայութիւնը սկսած է 13 Օգոստոս 1955ին, ուխտադրութիւնը` 15 Օգոստոս 1956ին, իսկ քահանայական օծումը ստացած է 12 Օգոստոս 1962ին ու վարդապետական աստիճանը՝ 5 Ապրիլ 1992ին:
Վարդապետը Հռոմի համալսարանին մէջ ուսումնասիրած է փիլիսոփայութիւն, աստուածաբանութիւն եւ հոգեւոր երաժշտութիւն, Հռոմի Գրիգորեան համալսարանէն ստացած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դոկտորի կոչումը: Երկու տարի ուսանած է նաեւ Վենետիկի գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ:
Հոգեւոր եւ ստեղծագործական աշխատանքներու զուգահեռ, ան կատարած է նաեւ խմբագրական աշխատանք, եղած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնը եւ դասաւանդած է հայկական կրթօճախներու մէջ: Պզտիկեան վարդապետը հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր` հայերէն եւ օտար լեզուներով: Եղած է Մխիթարեան միաբանութեան պաշտօնական ամսագիրի` «Բազմավէպ»ի, խմբագրապետը:
Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեան հեղինակ է գրականագիտական եւ հայագիտական, արուեստի ու մանկավարժութեան վերաբերող հայերէն եւ օտար լեզուներով բազմաթիւ յօդուածներու եւ աշխատութիւններու: