ՍՏԵՓԱՆ ԹՕՓՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1952ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝ Ստեփան Թօփճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 26 Մարտ 2021ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2021ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, 1510 E. Mountain St., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Եղբայրը՝ Գէորգ Թօփճեան
Եղբայրը՝ Աբրահամ եւ Անի Թօփճեան եւ դուստրը՝ Լօրի
Քոյրը՝ Մակի եւ Թադէոս Մանիսալեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Եղբօր դուստրը՝ Վիքի եւ Սեւակ Մանուկեան եւ զաւակները
Եղբօր դուստրը՝ Գարլա եւ Ալէն Խելլա եւ զաւակը
Հօրեղբօր զաւակը՝ Ժանէթ եւ Գէորգ Թշխունեան եւ զաւակները
Զարմիկը՝ Սիմոն եւ Լուրտէս Բարսեղեան եւ զաւակները
Եւ համայն Արամեան, Քէլէշեան, Թովմասեան, Բարսեղեան, Չիւրիկեան, Պետրոսեան, Թօփճեան, Գասպարեան եւ Տուզճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի հանգուցեալի եղբօր՝ Աբրահամ Թօփճեանի, բնակարանին մէջ
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ (St. Gregory Armenian Catholic Church, Glendale)։