«Գանձասար»
Արցախի հակամարտութեան մէջ արձանագրուած վերջին արդիւնքը, ցաւօք սրտի, բաւական տկարացուց Հայաստանի ոչ միայն աշխարհաքաղաքական դիրքը, այլեւ ազդեցութիւնը։ Պատերազմին հետեւանքով եւ Հայաստանի 9 Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագիրին ստորագրութեամբ, Կովկասեան տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւնները նոր պատկեր ստացան, որուն մէջ Թուրքիան նկատելի յառաջխաղացք արձանագրեց։
Թրքական այս յառաջխաղացքը Անգարային համար նաեւ դիւանագիտական զգալի լծակներ ստեղծեց: Հակառակ անոր, որ Ռուսիա հակամարտութեան հիմնական միջնորդը ըլլալով կը բանակցէր Նոյեմբերի սկիզբը զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու զինադադարի համաձայնագիրին շուրջ, այդ մէկը կատարեց ստիպողաբար, լրջօրէն նկատի առնելով նաեւ Թուրքիոյ շահերը: Ճիշդ է, որ Ռուսիան տարածաշրջանին մէջ աւելի անմիջական հիմքեր ձեռք ձգեց 2000 ռուս խաղաղապահներու տեղակայմամբ, սակայն ան նաեւ համաձայնեցաւ ստեղծել զինադադարի գործարքը իրականացնելու համար թուրք-ռուսական դիտորդական միատեղ կեդրոն: Անգարան եւ Պաքուն նոյնպէս երկկողմ բանակցութիւններ վարեցին, թուրք-ռուսական դիտարկման կեդրոնէն անկախ՝ Ատրպէյճանի մէջ թրքական զինուորական ներկայութիւնը խթանելու համար:
Միւս կողմէ, զինադադարէն անմիջապէս ետք, Ատրպէյճան սկսաւ ենթակառոյցներու զարգացման յաւակնոտ ծրագիր մը տարածաշրջանին համար: Յունուարին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միատեղ հանդիպումին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց տարածաշրջանային իմաստով տնտեսական եւ ենթակառուցային նախագիծերու ծրագրաւորման համար աշխատանքային խումբի մը ստեղծումը: Ծրագիր մը, որ կը ներառնէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին եւ հետագային Թուրքիոյ կապող նոր ճամբու, ինչպէս նաեւ Ֆիզուլիի տարածաշրջանին մէջ միջազգային նոր օդակայանի մը կառուցում:
Թուրքիոյ համար նման նախագիծեր շատ ողջունելի պիտի ըլլան, բնականաբար, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը երկար ատեն ան կը համարէր տնտեսական խոչընդոտ, միեւնոյն ատեն Հայաստանի վրայ ճնշելու ազդակ։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան հակամարտութեան տարիներուն Ատրպէյճանին քաղաքական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար փակեց իր սահմանները Հայաստանի հետ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու եւ առեւտրային կապերու վերսկսումը պայմանաւորեց Երեւանի կողմէ Ղարաբաղեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն մէջ զիջումներով: Բնականաբար, եթէ Ատրպէյճանի հետ Թուրքիոյ առեւտուրը հիմնականին մէջ կ’անցնէր Վրաստանով, որպէս միակ տարանցիկ երկիր ուժանիւթի կարեւորագոյն նախագիծերուն համար, այժմ, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի, այնպէս ալ Հայաստանի ներգրաւումը ճամբաներու եւ տարանցիկ նախագիծերու մէջ կրնայ Թուրքիոյ համար բանալ զգալի տնտեսական ներուժ Կովկասի ողջ տարածքին մէջ, միեւնոյն ատեն Հայաստանին իր պայմանները թելադրելու նոր լծակներ յառաջացնել:
Թուրքիոյ յաւակնութիւնները այսքանով չեն աւարտիր: Կովկասին լայնօրէն բացուիլը Թուրքիոյ համար ուղղակի դուռ կը բանայ դէպի Կասպից ծով, Կեդրոնական Ասիա, որոնք ունին ուժանիւթի աւելի մեծ ծաւալներ, քան Ատրպէյճանը: Թիւրքմենիստանը այս առումով յատկապէս գրաւիչ է Թուրքիոյ համար՝ ունենալով ան անիկա ունի աշխարհի մէջ բնական կազի չորրորդ ամենամեծ պաշարները: Ներկայիս Թիւրքմենիստանը իր բնական կազի արտահանման մեծամասնութիւնը կ’ուղարկէ արեւելք, Չինաստան, սակայն ունի կազի լրացուցիչ քանակներ՝ Արեւմուտք, Թուրքիա եւ Եւրոպա հասցնելու համար: Կովկասի տարածքին վերափոխուած աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւններով եւ ենթակառոյցներու անհրաժեշտ զարգացմամբ ՝ Թիւրքմենիստանի բնական կազի արտահանումը կրնայ զգալի տնտեսական բարօրութիւն ապահովել Անգարային՝ միեւնոյն ատեն կարելիութիւն տալով Թուրքիոյ դառնալու Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ, Եւրոպայի եւ Միջերկրական ծովու աւազանները կապող կեդրոնական կէտ: Այս մէկը Թուրքիոյ կարելիութիւն կու տայ ալ աւելի ազատ շարժելու տարածաշրջանին մէջ՝ հեռանալով Ռուսիոյ ուժանիւթային կախեալութենէն, ինչ որ, իր կարգին, կրնայ աւելի յաւակնոտ եւ անկախ արտաքին քաղաքականութեան կարելիութիւններ ստեղծել Թուրքիոյ համար:
Քանի մը գործօններ, սակայն, կրնան բարդացնել տարածաշրջանի մէջ Թուրքիոյ մեծ ծրագիրները, նաեւ ապագայ փանթուրանական յաւակնութիւնները: Առաջին եւ անմիջական անհանգստութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի կայունութեան փխրուն վիճակն ու արցախեան կարգավիճակի ցարդ չորոշուիլն է: Երկորդը՝ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներն ու ազգային պետականութեան ամրագրումը հետապնդող քաղաքական ուժերու իշխանութեան գալն է, իսկ երրորդը՝ Ռուսիոյ դերակատարութեան ամրագրումն է։
Թէեւ Թուրքիա ապացուցեց Ռուսիոյ հետ աշխատելու իր կարողութիւնը նոյնիսկ վիճայարոյց թատերաբեմերու վրայ, ինչպէս Սուրիոյ, իսկ վերջերս՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այնուամենայնիւ Թուրքիան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ տկարացնելու Ռուսիոյ դիրքերը եւ ծառայելու Ամերիկայի եւ Արեւմուտքի շահերուն նաեւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ:
Եթէ Թուրքիա հասնի Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ համարկումի հիմնական կէտ ծառայելու իր մեծ ծրագիրներուն, Անգարա բնականաբար պիտի պահանջէ Արեւմուտքէն ու Ամերիկայէն եւս շրջել իրենց քաղաքականութիւնը բազմաթիւ հարցերու մէջ: Տարածաշրջանին մէջ Ամերիկան եւ Եւրոպան ունին կարեւոր համընկնող շահեր Թուրքիոյ հետ եւ կարելիութիւն կրնան ունենալ իրենց ազդեցութեան լծակները զօրացնելու այնտեղ:
Այս բոլորին լոյսին տակ, Թուրքիան կը մնայ Հայաստանի ապահովութեան սպառնացող գլխաւոր տարրը տարածաշրջանին մէջ, որ կրնայ զսպուիլ առաւելաբար եթէ արցախեան կարգավիճակի հետապնդումը իրականանայ եւ Հայաստան յաջողի ամրագրել իր դիւանագիտական կապերն ու փոխադարձ շահերը Ռուսիոյ, Իրանի եւ Կովկասի տարբեր պետութիւններուն հետ, միեւնոյն ատեն պահելով հաւասարակշռուած յարաբերութիւն Արեւմուտքին հետ, դառնալով տարածաշրջանի ուժերու հաւասարակշռութեան գործօն։
pic
0412Kantsasar