ՆԻԿՈՍԻԱ.- Կիպրոսի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Կարպըր «Թուիթըր»ի վրայ գրելով՝ դատապարտեց Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Քիրենիայի մէջ գտնուող հայկական պատմական Մակարավանք եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած թրքական ձեռնարկը:
«Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը խստօրէն կը դատապարտէ Ս. Մակար հայկական վանքի սխալ շահագործումը: Կրօնի ազատութիւնը հիմնարար արժէք է: Մենք կը կրկնենք, որ կրօնական բոլոր աղօթատեղիները՝ օգտագործուող կամ չօգտագործուող, պաշտպանուած պէտք է ըլլան չարաշահումներէ, վանտալիզմէ կամ պղծումէ», գրած է դեսպանը:
Նշենք, որ խումբ մը թուրք երիտասարդներ անցեալ շաբաթ առանց արտօնութեան ձեռնարկ մը կատարած էին Կիպրոսի Մակարավանքի բակին մէջ: