ՀԱՄԲԱՐ ՍԱՐԳԻՍ ԳԱՐԱՅԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 24 Հոկտ. 1924ին, Արժանթին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, հօրեղբօր, զարմիկին եւ հարազատին՝ Համբար Սարգիս Գարայեանի մահը որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 16 Մարտ 2021ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութինները պիտի կատարուին Երեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2021ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Ռապըրթ եւ Նորա Գարայեան
Եղբօր զաւակները՝ Ալիսիա, Սէրխիօ, Սիլվիա եւ Մարիամ Գարայեաններ (Արժանթին)
Եղբօր դուստրերը՝ Հիլտա եւ Լուսիա Գարայեաններ (Արժանթին)
Զարմիկը՝ Գրիգոր եւ Մատլէն Սաթամեան եւ ընտանիք
Զարմիկը՝ Մանուկ եւ Ռաույա Սաթամեան եւ ընտանիք
Զարմիկը՝ Մատլէն Սաթամեան
Զարմիկը՝ Մարօ Թորիկեան
Եւ համայն Գարայեան (Արժանթին), Սաթամեան, Էֆխանեան, Դարբինեան, Ճէրէճեան, Պօյաճեան, Էլմէսեան եւ Կարապետեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հաճնոյ հայրենակցական միութեան (Compatriotic Union of Hadjin)։