ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդկութեան պատմութեան աննախընթաց դէպքը՝ Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը կանխող շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած են կարեւոր այլ դէպքեր եւս, որոնք, իրենց կարգին, կարեւոր նշանակութիւն ունին մարդկութեան հաւաքական դաստիարակութեան եւ կազմաւորման իմաստով:
Բարոյական դաստիարակութիւնը, որ հիմքն է մարդկային փոխյարաբերական կեանքին, իր ուղղութիւնն ու ցուցումը պարփակուած ունի Յիսուսի տնօրինական կեանքի վերջին՝ Աւագ Շաբաթուան դէպքերուն մէջ, որոնք բարոյագիտական խտացեալ եւ աննախընթաց դասընթացք կը համարուին համայն մարդկութեան համար:
Խոնարհութիւնը՝ ոտնլուայի արարքով արտայայտուած, ներքին խռովքը, հոգեկան տագնապը ու ապա երկինքէն սպասուող մեծ խաղաղութիւնը՝ Գեթսեմանիի ալեկոծեալ պարտէզին մէջ, համբերութիւնը՝ քահանայապետի տան բակին եւ Պիղատոսի կառավարական պալատի հրապարակին վրայ՝ ձաղկուելու եւ մտրակուելու ստորացուցիչ դրսեւորումներով, ներողամտութիւնը՝ իր Արարիչը խաչ հանող մարդկութեան անգիտակից արարքին նկատմամբ, եւ այս բոլորէն աւելի ու վեր՝ սէրը, որմով Ան առանց նախապայմանի սիրեց մեղաւոր մարդկութիւնը, Իր ուսերուն վրայ բարձելով անոր գործած բոլոր մեղքերը:
Անամօթ մարդը չկրցաւ գնահատել իր Արարիչին մարդասիրութիւնը: Ան դեռ չէ՛ յաջողած հասկնալ բարոյական այն բարձր առաքինութիւնները, զորս Աստուածորդին իր անչափելի խոնարհութեամբ եւ խաչի մահով՝ իբրեւ բարոյագիտական դասեր մատուցեց տգէտ եւ ամբարտաւան մարդկութեան:
Անձնական շահը, գոռոզութիւնը, արծաթսիրութիւնը, ինքնագովութիւնը, բացարձակ ճշմարտութեան սեփականատէրը ըլլալու անխելքութիւնը, գիտութեամբ աշխարհը կառավարելու սին մեծամտութիւնը եւ դեռ շատ ուրիշ ձգտումներ, փաստօրէն կուրցուցած են մարդկութեան հոգեկան աչքերը եւ զայն կանգնեցուցած հայելիի առջեւ, որուն մէջէն ցոլացող իր անձով միայն կ՛ուրախանայ ու անսահման կը հպարտանայ մարդը:
Յիսուս, իր տնօրինական կեանքի վերջին շաբթուան ընթացքին, երբ Երուսաղէմին մօտեցեր էր, լացաւ ու ողբաց այդ քաղաքին վրայ՝ ըսելով. «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, դուն որ մարգարէները կը սպաննէիր, քեզի ուղարկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ փափաքեցայ զաւակներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ իր թեւերուն տակ» (Հմմտ Մտ 23.37-38 եւ Ղկ 19. 41-42):
Այսքան հոգեհարազատ ու պատկերաւոր սոյն նախադասութիւնը արտասանելէ ետք, Յիսուս կ՛ողբայ այս քաղաքին յառաջիկայ կործանումը, հաւաքական, միասնական ուժի եւ հաւատքի բացակայութիւն տեսնելով եբրայեցի ժողովուրդի զաւակներու շարքերուն մէջ:
Նոյն ողբը որքա՜ն հարազատութեամբ այսօր կրնանք արձանագրել մենք, մեր թշուառ ազգին ժամանակակից պատմութեան մէջէն անցնելու պահուն, «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ» քաղաքանունը փոխարինելով «Հայաստա՜ն, հայութի՜ւն» սրբազան ու նուիրական անուններով:
Նայեցէ՛ք մեր պատմութեան վերջին 150 տարիներու ժամանակահատուածին, ապա ըսէք, թէ այս ողբը կը վերաբերի՞ նաեւ մեր ազգին, թէ՝ ո՛չ: Ներկայ ժամանակներուն, սոյն ողբին միակ հասցէն մեր ազգն է, անկասկած:
Կորսնցուցինք ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, որ Կիլիկեան թագաւորութեան մեր փառքի թանձրական յիշատակն էր, սակայն ատիկա դաս չեղաւ մեզի համար: Ջարդուեցաւ մեր ազգին կարեւոր մէկը հատուածը ցեղասպանին ձեռամբ, սակայն մեր ողբով մենք մեզ զօրացնելու փոխարէն, միայն լացինք ու ժամավաճառ եղանք, անողորմ աշխարհէն գութ հայցելով, որ եւ հիւծեց մեզ ու ցիր ու ցան ըրաւ աշխարհի չորս ծագերուն: Նոյնիսկ սթափելով դարաւոր մեր թմբիրէն, երբ ինքնապաշտպանութեան դիմելու համար մարտական խումբեր կազմեցինք ֆետայական շարժումներով, ապա գոյութենական պայքար մղող կուսակցութիւններու հիմնադրումով, որոշ ժամանակ ետք նոյն վրիժառու սուրն ու զէնքը ներազգային կեանքին ուղղեցինք, եւ մեր թշնամիին դէմ պայքարելու փոխարէն՝ իրարու դէմ սկսանք մարտնչիլ, ծառը իր արմատէն հարուածելու անմիտ արարքով կամ սղոցելով այն ճիւղը, որուն վրայ կանգնած ենք ազգովին:
Մեր ազգային-հաւաքական անփոխարինելի հարստութեանց կորուստներուն շարքը շա՜տ երկար է: Անոր վերջին եւ ցաւագին օրինակը Արցախի մեծ մասին կորուստն էր, ընդամէնը քանի մը ամիսներ առաջ, պապենական գիւղերով ու քաղաքներով, եւ անոնց տարածքին մէջ գտնուող հոգեւոր ու պատմամշակութային սրբավայրերով…: Բայց այդ ալ դաս չեղաւ մեզի համար: Մենք միաւորուելու փոխարէն, մեր հի՜ն աւանդութեան հաւատարիմ՝ աւելիով բաժնուեցանք իրարմէ, նոյնիսկ նոր միջոցներ հնարեցինք մեր ստորնութիւնները արժեւորելու, բարենպատակ տարազաւորումներով փորձելով ներկայացնել զանոնք մեր անտէր-անտիրական ժողովուրդին: Մենք դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք աշխարհի երեսին, բայց դեռ չենք յաջողած ազգ դառնալ, որովհետեւ ազգութեան ամէնէն տարրական դասը չենք սորված մեր պատմութեան երկար ճամբուն վրայ.
_ Իրարու հետ խօսիլ եւ հասկցուիլ:
Կարեւորագոյն այս կէտը միշտ փարսախներով հեռու մնացեր է մեզմէ: Մենք իրարու հետ խօսելու փոխարէն, միշտ իրարու դէմ խօսեր ենք եւ տակաւին նոյն թափով կը շարունակենք այս յիմարութիւնը, առանց վհատելու: Մենք ամէն անգամ, երբ հեռանանք իրարմէ եւ օտարանանք իրարու՝ ջուր կը լեցնենք մեր թշնամիի ջաղացքին:
Ազգային մեր վերջին տագնապին՝ արցախեան քառասունչորսօրեայ պատերազմի առաջին իսկ օրէն, Հայաստանէն ու Արցախէն սկսեալ մինչեւ աշխարհի ամէնէն յետին անկիւնը գտնուող մեր գաղութներներուն մէջ, փոխանակ միանալու եւ մեր ազգի գլխուն եկած աղէտը մեր մէջ լուծելով մէկ ճակատ կազմելու, մեծ հերձով երկփեղկուեցանք: Թշնամիին դէմ վրէժխնդիր կեցուածք ճշդելու փոխարէն՝ ատելութեամբ լեցուցինք մեր հոգին, մեր մաղձը թափելով մեր հարազատ քոյրերուն եւ եղբայրներուն վրայ: Դեռ աւելին, մէկ ընտանիքի սահմաններուն մէջ երկփեղկուեցանք, մէկ կազմակերպութեան ամէնէն հարազատ յարկին տակ իսկ օտարացանք իրարու:
Հայրենիքը, մեր պապերուն դարաւոր եւ սրբազան այս կտակը, մանրադրամի վերածեցինք ու ծախսեցինք, եւ տակաւին ամէն օր կը շարունակենք լախտի հարուած իջեցնելով՝ կործանել անոր ինքնիշխանութիւնն ու սահմաններու ամբողջականութիւնը: Ամօ՛թ մեզի, հազար անգամ ամօ՛թ:
Ո՞վ պիտի արթնցնէ մեզ մեր այս թմբիրէն եւ ինքնակործան կեցուածքներէն:
_ Միա՛յն Յիսուս, եւ այն՝ իր Յարութեան պայծառակերպող վեհ գաղափարով:
Յարութեան կարիք ունին մեր ազգն ու հայրենիքը: Յարութեան կարիք ունի մեզմէ իւրաքանչիւրը, որովհետեւ մեր հոգեկան աշխարհի յոյսի շէնքը փուլ եկած է: Բայց մենք հաւատք ունի՞նք մեր սեփական յարութեան: Յարութեան հաւատացող անձեր եւ Յարութեան հաւատացող ազգեր միայն կրնան յարութեան հասնիլ:
Ո՞ւր են մեր լուսազգեստ հրեշտակները, որոնք մեր ազգին ցաք ու ցրիւ եկած դամբարանին վրայ կանգնած աւետեն մեր յարութիւնը՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ ողջը մեռածներուն մէջ կը փնտռէք: Այստեղ չէ՛ ան, այլ յարեա՜ւ»:
Այո՛, Յիսուսի ողբը եթէ մեր ազգային լեզուով թարգմանենք, նոյն ցաւալից արտայայտութիւնը պիտի ստանանք, եւ Երուսաղէմի փոխարէն պիտի լսենք.
_ Հայաստա՜ն, հայութի՜ւն, յո՞ երթայք…։
Յարութեան շունչը Յիսուսի գերեզմանէն դարձեալ կը փչէ: Հաւատացէք, որ այլ ժողովուրդներ երանի՜ կու տան մեզի, եթէ տեսնեն մեր ազգային թոքերը ծուխէն ու մուրէն մաքրուած, որոնք պատրաստ են ներծծելու Յիսուսի Յարութեան շունչը, եւ վերանորոգելու մեզ, նախ՝ իբրեւ քրիստոնեայ անհատ մարդ, ապա՝ իբրեւ ազգ եւ հայրենիք: