Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
500 S. CENTRAL AVE. GLENDALE CA. 91204
Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ
Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնին առթիւ, Կիրակի, 4 Ապրիլ, 2021-ին, եկեղեցւոյս մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ,
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու
Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան
Առաւօտեան Ժամերգութիւն 9:30
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ 10:30
Քարոզ 11:45
Հաւաքական Խոստովանանք եւ Հաղորդութիւն 12:30
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան, միասնաբար աղօթելու եւ ունկնդրելու Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան խորհուրդը հաղորդող Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը:
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Հովիւք եւ Հոգաբարձութիւն