30 Մարտին, Երեւանի մէջ մահացաւ իրանահայ վաստակաւոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործիչ, գաղափարական նուիրեալ ու «Ալիք» օրաթերթի երկար տարիներու գլխաւոր խմբագիր Նորայր Էլսայեան։
Իր բեղմնաւոր ազգային-հասարակական կեանքին ընթացքին Նորայր Էլսայեան եղած է Թեհրանի ՀՄ «Սիփան», «Ռոստոմ» եւ Հայ ուսուցիչներու միութեան հիմնադիր անդամներէն։
Երկար տարիներ զբաղած է մանկավարժութեամբ եւ նուիրուած է նոր սերունդներու դաստիարակութեան գործին։
1984-93 եղած է «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը:
1993-95 բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ, ապա երեք տարիով վերադարձած է Թեհրան, որմէ ետք դարձեալ տեղափոխուած է Հայաստան եւ վերջնականապէս հաստատուած հայրենիքի մէջ՝ շարունակելով իր ազգային-հասարակական եւ գաղափարական-կուսակցական իր գործունէութիւնը։