ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արմաւիրի մարզը տուած այցելութեան ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց, որ 20 Յունիսին նախատեսուած են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ՝ աւելցնելով, որ ժողովուրդը պէտք է որոշում եւ գնահատական տայ անցեալին եւ ապագային:
Ան նշեց, որ Ապրիլին հրաժարական պիտի տայ՝ ո՛չ թէ երթալու, այլ հրաժարական պիտի տայ, որպէսզի տեղի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, այդ ընթացքին շարունակելով ըլլալ վարչապետի պարտականութիւնները կատարող։