Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 28 Մարտի առաւօտուն, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ՝ Ծաղկազարդի տօնը, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին:
Տօնին աւանդութեան համաձայն՝ հայրապետը կ՛օրհնէ մանուկները եւ իր հայրական խօսքը կ՛ուղղէ հաւատացեալ ժողովուրդին: Արդարեւ, Հայրապետական թափօրը Մայր տաճարէն ուղղեցաւ Մայրավանքի շրջափակը, ուր կաթողիկոսը Վեհարանի մուտքին իր հայրական խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն: Իր խօսքին մէջ հայրապետը յայտնեց, որ ինչպէս Ծաղկազարդի օրը ժողովուրդը Յիսուսը դիմաւորեց Երուսաղէմի մէջ, նոյնպէս ալ հաւատացեալներս այսօր մեր եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոսը կը դիմաւորենք: Հայրապետը ըսաւ, որ տագնապներով լեցուն աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք, հետեւաբար որեւէ ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք հաւատքով շաղախուած յոյսին: Քրիստոս պատգամեց բոլոր ժամանակներուն մարդոց՝ մի՛ վախնաք, մի՛ յուսահատիք, միա՛յն հաւատացէք: Մեր ժողովուրդը հաւատաց պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց, յուսաց, միշտ յոյսը վա՛ռ պահեց նոյնիսկ իր կեանքի ամէնէն դառն պայմաններուն մէջ: Հայրապետը, շարունակելով իր խօսքը՝ յորդորեց հաւատացեալները հզօրացնելու իրենց յոյսը նայելով Երուսաղէմ մուտք գործող Աստուծոյ Որդւոյն եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ խնդրելով Անոր ողորմութիւնը։ «Աղօթենք, որպէսզի մեր կեանքը լեցուի Քրիստոսի ներկայութեամբ, ծաղկազարդուի Քրիստոսի աշխարհ բերած հաւատքով ու յոյսով: Ահաւասիկ, ա՛յս յոյսով եկէք դիմաւորենք Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ», ըսաւ կաթողիկոսը:
Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Օշական արք. Չօլոյեան: Ան իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ աստուածային ծրագիրին մաս կը կազմէր, որովհետեւ Աստուած Ինք՝ իբրեւ Սիրոյ Թագաւոր, կու գար Իր պատգամը բերելու մարդկութեան. Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ Իր Որդին տուաւ, որպէսզի մարդը յաւիտենական կեանք ունենայ, իսկ Քրիստոս՝ երեք տարի աստուածաշնչական փառքը տալէ ետք ժողովուրդին, կամաւորապէս եկաւ Երուսաղէմ՝ խաչի մահով Ինքզինք զոհաբերելու, որպէսզի մենք արժանի ըլլանք յարութեան, յայտնեց սրբազանը:
Յայտնենք, որ համաճարակը տակաւին արգելք կը հանդիսանայ հաւաքներ ընդգրկող աւանդութիւններու կիրակման. հետեւաբար, այս տարի չկազմուեցաւ փոքրիկներու աւանդական թափօրը, սակայն մանուկները ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը եւ նուէրները: