ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 24 Մարտին, «Եւրոպա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնած «Արցախն ու ռուսաց լեզուն» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում։
Հանրային քննարկման առարկան «Լեզուի մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններն էին: Հրաւիրուած էին օրէնքի համահեղինակ 3 պատգամաւորներ՝ Մետաքսէ Յակոբեան, Արամ Յարութիւնեան եւ Գագիկ Բաղունց, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը, նոյն նախարարութեան Լեզուի պետական տեսչութեան պետ Արտակ Ղուլեանը, Արցախի մէջ գործող երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամներ, դասախօսներ, ուսուցիչներ եւ ուսանողներ։ Սակայն քննարկման չներկայացան նախարար Ղարախանեան, իսկ համահեղինակներէն ներկայ եղաւ միայն Մետաքսէ Յակոբեան։
Քննարկումը նախագահեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Մետաքսէ Յակոբեան եւ Արտակ Ղուլեան իրենց կարծիքը արտայայտեցին այս նախագիծին մասին, նաեւ պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն։ Մասնակցողները եւս կարելիութիւն ունեցան արտայայտելու իրենց տեսակէտները:
Քննարկման նպատակը հանրային տարբեր շերտերու կարծիքը լսելի ու հասանելի դարձնելն էր քուէարկութեան մասնակցող պատգամաւորներուն, որովհետեւ օրէնքի նախագիծի ներկայացումէն առաջ այս մասին կազմակերպուած էր հանրային միայն մէկ քննարկում։