Օհայօ նահանգի Աքսֆըրտ քաղաքի ղեկավար Մայք Սմիթ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Կլէն Էլլերպ ճանչցան Արցախի անկախութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը հաղորդեց, թէ Արցախի ճանաչման բանաձեւը ընդունուեցաւ ամերիկահայ ուսանողներ Էնտրիւ Տեւեճեանի եւ Թերեզա Անիեւի ջանքերով:
14,000 հաշուող Օհայոյի հայ համայնքը միշտ զգացած է պետութեան աջակցութիւնը: Անցեալ շաբաթ, ծերակուտականներ Շերըտ Պրաուն եւ Ռապ Փորթմըն միացան ծերակուտական Պոպ Մենենտեզի՝ նախագահ Պայտընին ուղղած նամակին, որմով Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին կոչ կ՛ուղղուի՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: