ԳՈՅԺ
ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ
Սիրտի դառն կսկիծով կը գուժենք Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանի վաստակաշատ տնօրէնին՝ Վազգէն Մատէնլեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 13 Մարտ 2021ին: Պրն. Մատէնլեանի աւելի քան քսան տարիներու տնօրէնութեան ընթացքին, մեր վարժարանը ծաղկեցաւ եւ յարատեւ վերելք արձանագրելով՝ հայեցի կրթութեան ամրոց մը եղաւ: Պրն. Մատէնլեանի յիշատակը վառ պիտի մնայ «Շամլեան» մեծ ընտանիքին՝ տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն հոգիներուն մէջ: Ցաւակցութիւն կը յայտնենք կնոջ՝ Սեդային, դուստրերուն՝ Մարալին եւ Լորիկին ու ընտանեկան պարագաներուն:
Շամլեան Ազգային Վարժարանի Տնօրէնութիւն: